Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ սիքսի դարձի առաջին հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ, ՀՄԸՄ Պէյրութի խումբը մրցեցաւ Մաշաալ Պըտնայելի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Երուանդ Մանասերեան եւ Սերժ Տօնապետեան: