Սլովենիոյ Մարիպոր քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող Լիլիթ Մկրտչեան տիրացաւ արծաթէ մետալի:
Հայ մարզիկը երկրորդ դիրքը գրաւեց 10 մեթրի վազող թիրախի մրցաձեւին մէջ: Ան զտումի մրցումներուն աւարտական հանգրուան հասաւ` գրաւելով` չորրորդ դիրքը: Տիտղոսակիր հանդիսացաւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչը: