
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Խիմքիի փորձառու բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի ռուսական մամուլին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կը մտածէ միջազգային իր ասպարէզը լքելու մասին:
«Թէեւ կ՛ուզեմ հաւաքականը չլքել, սակայն Խիմքիի հետ արձանագրուած ոչ այդքան լաւ արդիւնքները այդքան ալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր: Այս նիւթին շուրջ պէտք է, որ զրուցեմ ակումբին պատասխանատուներուն հետ: Սակայն ներկայ հանգրուանին պիտի շարունակեմ մնալ հաւաքականին հետ: Կը կարծեմ, որ յառաջիկայ ամրան պիտի որոշեմ միջազգային ասպարէզիս ճակատագիրը», ըսաւ 37 տարեկան բերդապահը:


