Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Այսօր Պիտի Շարունակեն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Քննարկումը

March 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները:

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հարց դրին, թէ ի՞նչ է նպատակը իրենց կողմէ այդ թղթածրարին քննարկումին, երբ կառավարութիւնը զուգահեռաբար կը քննարկէ զայն:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ընդհանուր պետական պիւտճէն կը քննարկէ, եւ այդ շրջագիծին մէջ նաեւ կը սերտէ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու ձեւերը եւ այդ գումարի ապահովումին պարագային` երկրին տնտեսութեան վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը:

Նիստէն ետք ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը յանձնառու են աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու որոշումին, որովհետեւ անիկա իրաւունք է:

Քանաան մաղթեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն ու պետական ամավարկի վաւերացումը զուգահեռ ընթանայ:

Ան նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն առաջին կէտը արդէն իսկ վաւերացուած է` աւելցնելով, որ երկրորդ կէտին մասին կատարուած են որոշ հարցադրումներ, որոնք պիտի ճշդուին ելեւմուտքի նախարարին կողմէ:

«Այսօրուան նիստին ընթացքին աշխատանքը բաւական լուրջ եղած է, իսկ դրականը այն է, որ զերօ կէտին չենք վերադարձած, այլ` քննարկումը շարունակած ենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը իրենց աշխատանքը պիտի շարունակեն այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խստիւ դատապարտեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստը` զայն նկատելով թատրոն մը, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքը կը վարկաբեկուի:

Նշենք, որ մինչ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը իրենց նիստը կը գումարէին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ երկրորդական կարգերու ուսուցիչները գործադրեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով վաւերացնել իրենց իրաւունքները, այլապէս սպառնալով դիմել բաց գործադուլի:

Նախորդը

Արսալի Մէջ Արձանագրուեցան Բուռն Բախումներ

Յաջորդը

«Մարտ Ամիսը Վճռորոշ Է` Ընտրական Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Իմաստով» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.