Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԳԵԼԱՓԱԿՈՒԱԾ իսլամականներու ընտանիքները երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով ներում շնորհել իրենց զաւակներուն:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքի հրաժարականին վերաբերող լուրը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց մեղմացնելու սուրիացի ժողովուրդին չարչարանքը, ինչպէս նաեւ պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՍԻՒՆՆԻ համայնքի հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` հիմնուելով միասնականութեան եւ համերաշխութեան վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական օրէնք մը, որ ընտրաշրջաններու բաժանումը կը կատարէ մէկ չափանիշի վրայ հիմնուելով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը պէտք է դատավարութեան կանչել` նկատի ունենալով անոր գործած օրինազանցութիւնները եւ սահմանադրութեան խախտումները: Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախընտրելի է խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնել, քան 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել:

ԽՈՒՄԲ մը երեսփոխաններ երէկ ուղղուեցան Նորվեկիա` հետեւելու համար նաւթի եւ բնական կազի արտահանման նորվեկիական փորձառութեան, որ յառաջացած է ու բարգաւաճած:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը ահաբեկչական միջազգային կազմակերպութիւններէն մէկը կը նկատուի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի եւ Նապաթիէի վերեւ` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի թղթածրարին վաւերացումը խորհրդարանի պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը վաւերացնելէ ետք, կառավարութիւնը անոր ֆինանսաւորումը ապահովելու համար նիւթական աղբիւրներ պիտի ճշդէ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ աշխատանք ապահովող սուրիացի գաղթականները պիտի զրկուին միջազգային օժանդակութիւններէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի թղթածրարին մասին քննարկումները զերօ կէտին չեն վերադարձած` աւելցնելով, որ խորհրդարանը պէտք է իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` ընտրական նոր օրէնքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու իմաստով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խառն ընտրական օրէնքին համաձայնելու սեմին կը գտնուի: Նոյն օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ այդ զարգացումը արձանագրուած է Ժոմպլաթի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կատարուած հանդիպումէն ետք:

«Հայաթ» գրեց նաեւ, որ Ժոմպլաթ ոչ մէկ հարց ունի հանդիպում մը ունենալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Նախորդը

«Ռուսիա Բոլոր Միջոցները Կ՛օգտագործէ Ազդելու Համար Հանրային Կարծիքին Վրայ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Յաջորդը

Արսալի Մէջ Արձանագրուեցան Բուռն Բախումներ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.