Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՌԻԱՏ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԷՄ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԻՏԻ ՆԿԱՏԷ ԻՐԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՖԱՅՍԱԼ

October 14, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕՊԱՄԱ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐԱՆԵԱՆ
ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀԵՐՔԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

Սէուտ Ֆայսալ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ իր երկիրը Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին ահաբեկման մէջ իրանեան կառավարութեան մեղսակցութեան անհերքելի փաստերը ունի եւ իր դաշնակիցներուն հետ համակարգաբար Իրանը յաւելեալ մեկուսացումի ենթարկելու քայլերը պիտի քննարկէ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը երէկ յայտարարեց, որ Ռիատ Իրանը պատասխանատու պիտի նկատէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ կատարուած որեւէ յարձակումի: Ան ըսաւ, թէ` «ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Իրան այսպիսի թշնամական արարքներ կը կատարէ: Ատիկա դրացի իսլամ երկիրէ մը չէինք սպասեր, եւ Սէուտական Արաբիա խստօրէն պիտի հակազդէ այդ վարմունքներուն»:

Ան ըսաւ, թէ Իրան կը ջանայ սպանութեամբ եւ վնասագործութեամբ ճնշում բանեցնել պետութիւններուն վրայ` աւելցնելով, որ իր երկիրը այդ ճնշումներուն դիմաց պիտի չընկրկի եւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ իրանեան որեւէ շարժումի պիտի հակազդէ ծրագրուած եւ արժանի կերպով: Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Կորտըն «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ այդ հակազդեցութիւնը առանց բռնարարքի պիտի ըլլայ:

Իշխան Ֆայսալ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին մահափորձին վերաբերող բոլոր տուեալները Իրանը մատնացոյց կ՛ընեն: Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Թուրքի Ֆայսալ իշխանը իր կարգին յայտնեց, որ «մեծաթիւ փաստեր յստակօրէն ցոյց կու տան իրանեան պետական պատասխանատուութիւնը եւ անպայման Իրանի մէջ մէկը գինը վճարէ»: Ան իրանեան իշխանութեանց կոչ ուղղեց` այս հարցով օժանդակութիւն ցուցաբերելու մահափորձին պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնելու:

Նշենք, որ Բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ կը գրէր, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրը Իրանի գաղտնի սպասարկութեան գործունէութեան համահունչ չէ, իսկ «Ֆայնանշըլ թայմզ»ը կը նշէր, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրը ոստիկանական հետաքրքրաշարժ պատմուածքի կը նմանի:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ Լոնտոն աշխատանք կը տանի Ռիատի եւ Ուաշինկթընի հետ գործակցաբար Թեհրանի դէմ միջազգային հակազդեցութիւն մը ապահովելու: Ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպաններ Սուզըն Ռայս եւ Ապտալլա Մուալլեմ Նիւ Եորքի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներուն հետ անջատ հանդիպումներ ունեցած են` անոնցմէ օժանդակութիւն խնդրելով Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի ահաբեկման ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ Իրանը հաշուետուութեան ենթարկելու վերաբերեալ: Դիւանագիտական աղբիւր մը ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն ռուսական եւ չինական իշխանութիւնները ահաբեկման ծրագիրին մանրամասնութիւններէն տեղեակ պահելու համար պատուիրակներ ուղարկած է Մոսկուա եւ Փեքին:

Նախորդը

«ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՇՈՒՐՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԱՆԳ ԱՌԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԿԱԹԻԼՈՎ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։