Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Լիբանանեան Բանակին Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Մարտ 7, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ լը Տրիան Պէյրութ կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարին եւ բանակի հրամանատարին հետ: Լը Տրիանի ընկերակցեցաւ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին լը Տրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու, յատկապէս այն օժանդակութիւնները, զորս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսու Հոլլանտ խոստացած էր Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:

Լը Տրիան հաստատեց, որ Ֆրանսա ամէն իմաստով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին` շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ անոր տրամադրելով անհրաժեշտ զօրակցութիւնը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները պատմական են` մաղթելով, որ անոնք աւելի եւս ամրապնդուին` երկու ժողովուրդներու շահերուն ծառայելով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզին` լիբանանեան բանակին եւ ընդհանրապէս Լիբանանին տրամադրած անոր օժանդակութիւններուն համար:

Ան յոյս յայտնեց, որ այդ զօրակցութիւնը շարունակուի, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ իր ազգային պատասխանատուութիւնները կատարել, ի մասնաւորի երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով:

Լը Տրիան այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:

Վարչապետարանին մէջ լը Տրիան հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի կողմէ նախորդ տարուան ընթացքին բանակին տրամադրուած 15 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ օժանդակութեան համար:

Լը Տրիան այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Երեկոյեան դեսպան Պոն ֆրանսական դեսպանատան մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ լը Տրիանի, որ իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց Լիբանանի վայելած քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը` հաստատելով, որ ինք կը հաւատայ երկրին պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու լիբանանեան պետութեան կարողութեան:

Լը Տրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա այս տարի 20 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ Լիբանանի` պահպանելու համար անոր ապահովութիւնը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Քննարկել Պետական Պիւտճէն` Շեշտելով, Որ Այդ Քննարկումները Ոչ Մէկ Կապ Ունին Ընտրական Օրէնքին Հետ

Յաջորդը

Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-Ամեակին Առիթով. Նախագահներ Սարգսեան Եւ Աուն Փոխանակեցին Ուղերձներ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025
Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան  Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ  Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?