Ընկերվար միջազգայնականը գումարեց իր 25-րդ Քոնկրեսը 2-4 մարտին, Քոլոմպիոյ Քարթախենա քաղաքին մէջ, 86 կուսակցութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ աւելի քան 350 պատուիրակներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ` հիւրընկալութեամբ Քոլոմպիական Ազատական կուսակցութեան, որ մաս կը կազմէ երկրին մէջ իշխող համախոհական կառավարութեան:
Ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ Վաչէ Թովմասեան (Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան շրջան) եւ Յակոբ Ակոբեան (Վանքուվըր, Քանատա):
Ժողովին բացումին մասնակցեցան եւ խօսք առին Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու (Յունաստան) եւ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալա (Չիլի), հիւրընկալ կուսակցութեան ղեկավար Հորաչիօ Սերփա:
Ժողովի ընդհանուր բնաբանն էր «Խաղաղ աշխարհի մը մէջ` հաւասարութեամբ եւ համերաշխութեամբ»: Ժողովի գլխաւոր օրակարգն էր «Կառուցել աւելի խաղաղ աշխարհ մը. կարգաւորելով հակամարտութիւնները եւ կանխարգիլելով նորերը»: Այս գլխուն տակ խօսք առաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան. ան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդիրին` շեշտելով Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներն ու բուռն սպառազինումը կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան դէմ իշխանութեան սանձազերծած հալածանքին:
Գլխաւորաբար Մարիօ Նալպանտեանի ելոյթին շնորհիւ եւ հաշուի առնելով ՀՅԴ-ի կողմէ նախօրօք ներկայացուած բանաձեւը, Քոնկրեսը տուաւ կարգ մը որոշումներ: Քոնկրեսի գլխաւոր եւ ընդհանուր բանաձեւին մէջ, վերնագրուած` «Խաղաղութեան, հաւասարութեան եւ համերաշխութեան աշխարհի մը համար», տեղ գտան հետեւեալ երեք պարբերութիւնները.
«Մենք կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին` Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան սկսելու որոնման մէջ եւ պիտի շարունակենք, ինչպէս համաձայնեցուած էր, կազմակերպել կլոր սեղան մը` «Ինչպէ՞ս կրնայ Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը նպաստել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իսկական հաշտութեան»:
«Կովկաս» ենթագլուխին տակ` «Ընկերվար միջազգայնականը կոչ կ՛ուղղէ յաւելեալ երկխօսութեան` վերջ դնելու ռազմական գործողութիւններուն, պակսեցնելու լարուածութիւնն ու սպառազինութիւնը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վստահութիւն հաստատելու: Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համայնքին աջակցելու շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ճիգերուն»:
«Թուրքիա» ենթագլուխին տակ` «Ընկերվար միջազգայնականը մեր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումին եւ ժողովրդավարութեան վատթարացման գծով: Մենք յատկապէս մտահոգ ենք հազարաւոր գործիչներու ձերբակալութեան, ընտրուած քաղաքապետական ղեկավարներու կալանաւորման եւ (քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ) Սելահատտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի կալանաւորման համար: Կոչ կ՛ուղղենք զիրենք ազատ արձակելու եւ խաղաղութեան նոր երկխօսութիւններ նախաձեռնելու` յաղթահարելու համար Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքներուն զարգացումին դէմ ցցուած խոչընդոտները»:
Նաեւ` առանձին բանաձեւ մը` «Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ընկերվար միջազգայնականի նախաձեռնութիւն» վերնագիրով: Բանաձեւը կ՛ըսէ. «Ընկերվար միջազգայնականի [նախորդ] քոնկրեսէն ետք, աշխարհը նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ վկան հանդիսացաւ շարք մը նոր պետութիւններու, պետութեան ղեկավարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ մարդկութեան դէմ այս ոճիրի ճանաչումին:
«Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի 2014 դեկտեմբերի ժողովը Ժընեւի մէջ, ընդունելով մարդկային իրաւանց եւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման այս հարցին արձանագրած համաշխարհային զարգացումը, պատշաճօրէն Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին գումարուելիք իր խորհուրդի առաջին նիստի օրակարգին վրայ դրաւ, այս դաժանութեան սկիզբէն հարիւր տարի ետք:
«Խորհուրդի 2015 յուլիսի ժողովը, Նիւ Եորքի մէջ, հաստատեց Ընկերվար միջազգայնականի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն փոխնախագահներուն նախապէս ձեռք բերած համաձայնութիւնը, ըստ որուն Ընկերվար միջազգայնականը պիտի կազմակերպէ յատուկ լսում կամ կլոր սեղանի քննարկում` «Արդեօ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ճանաչումը թոյլ պիտի տայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ իսկական հաշտութեան»: Այս ժողովին պիտի մասնակցէին Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, ինչպէս նաեւ այլ հետաքրքրուած կուսակցութիւններ, յատուկ հրաւիրուած մասնագէտներ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ուրիշներ:
«Հետեւողական ըլլալով այս հարցին շուրջ իր երկու վերջին որոշումներուն եւ Ընկերվար միջազգայնականի երկարամեայ աջակցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին արդարացի լուծման գծով, Ընկերվար միջազգայնականի 25-րդ Քոնկրեսը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու մեր անդամ հայ եւ թուրք կուսակցութիւններուն հետ, կազմակերպելու լսում կամ կլոր սեղանի քննարկում` հայերու եւ թուրքերու միջեւ հաշտութեան համար` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի օգտակարութեան մասին»:
Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութիւնն ու գլխաւոր քարտուղարը ընտրելու օրակարգի կէտին տակ, Մարիօ Նալպանտեան վերընտրուեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահ: Փոխնախագահ վերընտրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Ումութ Օրան, իսկ Արդար Ռուսիա կուսակցութեան թեկնածու Ալեքսանտր Ռոմանովիչ ընտրուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով: Կազմակերպութեան նախագահն ու գլխաւոր քարտուղարը վերընտրուեցան:
Օրակարգի կազմակերպական գլուխին տակ, Մարիօ Նալպանտեան առարկեց Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ շնորհելու առաջարկին դէմ` հիմնաւորելով, որ օրին ՀՅԴ-ն բողոքած է այդ կուսակցութեան անդամակցութեան կարգավիճակի բարձրացման դէմ, հաշուի առնելով այն պահուածքը, որ անոր ներկայացուցիչը ցուցաբերած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախորդ` Ժընեւի նիստին, ամբաստանելով հայութիւնը ցեղասպանութիւն գործելու մէջ: Կարծիքներու փոխանակումէն ետք, Ազրպէյճանի կուսակցութեան ներկայացուցիչները ստիպուեցան Ընկերվար միաջազգայնականէն եւ Մարիօ Նալպանտեանէն հրապարակաւ ներողութիւն խնդրելու, որմէ ետք ստացան լիիրաւ անդամի կարգավիճակ:
Քոնկրեսին նախորդող օրերուն տեղի ունեցած էր Ընկերվար միջազգայնականի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցած էր Մարիօ Նալպանտեան` իբրեւ կազմակերպութեան փոխնախագահներէն մէկը: Ան մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան Ֆինանսական եւ կազմակերպական յանձնախումբի նիստին, որուն անդամ է ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
1 մարտին գումարուած էր կազմակերպութեան խորհուրդի նիստը, որ քննարկած էր Քոնկրեսին ներկայացուելիք կազմակերպական հարցեր: Խորհուրդի նիստին մասնակցած էր ՀՅԴ պատուիրակութիւնը:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ պատուիրակներու հետ, ներառեալ` Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Իրաքի քրտական Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցչիներուն հետ: Ժողովին չէին կրցած մասնակցիլ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ իրենց դէմ սանձազերծուած հալածանքին պատճառով:
Ընկերվար Միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 130 երկիրներու շուրջ 150 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:
Կազմակերպութեան մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան վերընտրուեցաւ կազմակերպութեան փոխնախագահ: ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց ընկերվար միջազգայնականին եւ Կիներու Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ Կարօ Շատոյեան (Աւստրիա) Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան փոխնախագահ է: Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի համանախագահ է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: