Երէկ` կիրակի, 5 մարտ 2017-ին, Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հանդիսաւոր հաւաքը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ ՀՅԴ-ի քարոզարշաւի սկիզբը: Ներկայ էին ՀՅԴ համապետական եւ վարկանշային թեկնածուները: Ներկայացուեցաւ նաեւ կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի նախընտրական գրասենեակի պետ Աղուան Վարդանեան, որ ըսաւ.
«Յարգելի՛ բարեկամներ,
Սիրելի՛ ընկերներ,
Թանկագի՛ն լրագրողներ,
Դաշնակցութիւնը կը սկսի նախընտրական քարոզարշաւը մեր ծրագիրին ներկայացումով: Որովհետեւ մենք, ի տարբերութիւն շատ-շատերու, գաղափարախօսութիւն, ծրագիր, արժեհամակարգ, փորձառութիւն ունեցող կուսակցութիւն ենք: Կը սկսինք` «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» կարգախօսով: Մեզի համար արդարութիւնը հիմքերու հիմքն է: Արդարութիւնը հայ ժողովուրդի տեսակի, բնոյթի, էութեան մէջ է: Արդար Հայաստանը, մեր ընկալումով, ազատ, ժողովրդավար, խաղաղ, ուժեղ, զարգացող, ինքնիշխան, բարեկեցիկ, երիտասարդ, իրաւունքի Հայաստանն է:
Մենք անոր պիտի հասնինք: Մենք արդէն երկրին մէջ համակարգային, որակական փոփոխութիւններու նոր սկիզբ դրած ենք: Մինչ ուրիշներ կը խօսին փոփոխութիւններու մասին, մենք այդ փոփոխութիւնները կը կատարենք:
Հիմա ես ձեզի քանի մը պարզ հարցում ունիմ:
- Այս ընտրութիւններուն, բացի Դաշնակցութենէն, չորս դաշինք ու չորս կուսակցութիւն կը մասնակցի: Ուշադիր նայեցէք ու ըսէք` արդեօ՞ք այդ չորս կուսակցութիւնները դաշինքներ չեն` իրենց կազմով, խայտաբղէտութեամբ, ներքին հակասութիւններով: Արդեօ՞ք միակ իրական կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնը չէ:
- Ուշադիր նայեցէք` մասնակից ուժերէն ո՞րն է, որ մէկ անձի, մէկ առաջնորդի կուսակցութիւն չէ:
- Ո՞ր ուժն է, որ ներկայ է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Արցախի ու աշխարհի 30-է աւելի երկիրներու մէջ եւ ամէնուր հայկական շահերու պաշտպանութեան հարցով ազդեցութիւն ունի:
- Ո՞ր ուժն է, որ հետեւողական է, չէ շեղած իր սկզբունքներէն, ամբոխավար չէ, կը մարմնաւորէ ե՛ւ հայ զինուորը, ե՛ւ աշխատաւորը, ե՛ւ մտաւորականը:
- Ո՞ր ուժն է, որուն ապագայ խմբակցութիւնը նոր Ազգային ժողովին մէջ բացառուած է, որ քայքայուի, տարբեր մասերու բաժնուի:
Խնդրեմ` ձեր մտքին մէջ պատասխանեցէք այս հարցերուն, եւ ընտրութիւնը ակնյայտ կը դառնայ:
Դաշնակցութիւնն է ձեր կուսակցութիւնը:
Դաշնակցութեան գաղափարները պիտի յաղթեն:
Պիտի յաղթէ Հայաստանը»:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ազգային ժողովի այս ընտրութիւնները հայ ժողովուրդին համար բացառիկ պիտի ըլլան, քանի որ իրենց տեսակին մէջ առաջին ընտրութիւններն են:
«Մենք շատ երկար ճամբայ անցած ենք, որ կարենանք մեր ժողովուրդին տալ այս կարելիութիւնը` ընտրելու նոր համակարգի նոր ընտրակարգով, ըստ էութեան հիմնադիր խորհրդարան: Այս խորհրդարանը 25-26 տարուան անկախութիւն ունեցող մեր պետութեան պատմութեան մէջ պիտի ըլլայ հիմնադիր խորհրդարան, որովհետեւ այս խորհրդարանը պիտի ըլլայ այն շարժիչ ուժը, որ ի գործ պիտի դնէ բոլոր այն բարեփոխումները, որոնց համար նախադրեալներ ստեղծած ենք սահմանադրութեամբ եւ օրէնսդրութեամբ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեանը:
Ռուստամեանի համոզումով, կարելի չէ երկրին մէջ որեւէ խնդիրի լուծում գտնել, եթէ գործընթացները ճիշդ ընթացքի մէջ չեն դրուած: ՀՅԴ-ն պիտի չմտնէ որեւէ մարզի մէջ խնդիրները անջատաբար լուծելու կամ անոնց վերաբերեալ խոստումներ տալու տաղտուկին մէջ, քանի որ ՀՅԴ-ն դատարկ խոստումներ երբեք չէ տուած:
«Մենք այս ընտրապայքարին մէջ կը մտնենք կատարուած գործը ներկայացնելու եւ ժողովուրդէն իրաւագիր հայցելու, որ կարենանք շարունակել սկսած գործը: Այսօր Դաշնակցութիւնը լուրջ գործընթացի սկսած է, արդէն քանի տարիէ ի վեր, եւ այդ գործընթացը շարունակելու առաքելութիւն ունի: Մենք պարտաւորութիւն ունինք սկսածը անշրջելի դարձնելու, բարեփոխումներն ալ աւարտին հասցնելու համար», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, հանրութեան մեծ մասը չի գիտեր, թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ բերած են սահմանադրական փոփոխութիւնները, եւ անոնք ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան: Եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու անմիջական մասնակից Դաշնակցութեան պարտքն է` բացատրել կատարուածին կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը:
Ռուստամեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն որեւէ անհատի հետ խնդիր չէ ունեցած, նման խնդիր չէ դրած, այլ կազմակերպած է իր աշխատանքները` յանուն երկրի ապագային:
«ՀՅԴ-ն երբեք պիտի չառաջնորդուի ժողովուրդի դժգոհութիւնը քաղաքական նպատակներու համար օգտագործելու ճամբով, այլ այն ճամբով, որ վերացնէ ժողովուրդի դժգոհութիւնը, յանուն սերունդներու, ինչ որ ամէնէն դժուար ճամբան է: Ասիկա կը նշանակէ հանրութեան առանձին հատուածներուն չըսել բան մը, որ իրենց քիմքին հաճելի է, բայց խնդիրներ ստեղծել մէկ այլ հատուածի մը մօտ: Մենք կը մտածենք հանրային ընդհանուր շահին մասին», նշեց Ա. Ռուստամեան:
Դժգոհութիւնները անվերջ կը մնային, եթէ, ըստ Ռուստամեանի, չվերցուէր այդ դժգոհութիւնները սնող համակարգային պատճառը: Եւ այդ պատճառը այն քաղաքական համակարգն էր, որ մենիշխանութեան ծնունդ տուած էր, երբ յաղթողը կը ստաձնէր ամէն ինչ, իսկ պարտուողը, ունենալով մեծ վստահութիւն, դուրս կը մղուէր ու կը նսեմացուէր` չունենալով ազդեցութիւն որոշումներու կայացման համար: Այլեւս պիտի չըլլայ այն միակ նախագահական աթոռը, որուն վրայ նստողը ունենայ ամբողջական իշխանութիւն: Այդ կարելիութիւնը վերցուած է: Այդ գլխաւոր հարցէն բխած են մնացած բոլոր հարցերը` մենաշնորհներ տնտեսութեան մէջ, անարդարութիւն, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում: Այս ամէնը լուծուած է աշխարհի մէջ, եւ այդ յառաջադէմ փորձը բերուած է Հայաստան: ՀՅԴ-ն, մեծ յամառութեամբ, կրցաւ միջազգային այդ յառաջադէմ փորձը` սահմանադրական փոփոխութիւնները, բերել ու տեղայնացնել Հայաստանի մէջ:
«Այս է նոր սկիզբը, որուն մասին կը խօսինք: Կան բոլոր կարելիութիւնները, որ ընտրութիւններուն միջոցով ժողովուրդը կարենայ փոխել իշխանութիւնները: Իշխանափոխութեան կոչեր կ՛ընէին` ժողովուրդը տանելով արկածախնդրութեան, մենք այդ ճամբով չենք գացած: Մենք հասկցած ենք, որ այս վարչակարգը, որ յենած է մենիշխանութեան համակարգին վրայ, կա՛մ կը փոխուի դուրսէն` արիւնահեղութեամբ, ինչ որ մեզի համար անընդունելի է, կա՛մ կը փոխուի ներսէն` յամառ աշխատանքի արդիւնքով: Մենք այս ըրած ենք, եւ բաց ճակատով կը մտնենք ժողովուրդին մէջ, բացատրելու, թէ ինչո՛ւ կը մտնենք իշխանութեան մէջ: Հասկնալով, որ դժգոհութեան մէկ մասը մեր վրայ ալ պիտի գայ, բայց մենք հասկցած ենք, որ ուրիշ ճամբայ չկայ այդ դժգոհութենէն ազատելու համար: Կը մնայ` այդ ամէնը շարունակել եւ թոյլ չտալ երկու բան: Թոյլ չտալ, որ նսեմացուի կատարուած այս աշխատանքը, եւ թոյլ չտալ, որ այնպիսի խորհրդարան ձեւաւորուի, որ մէկուն մտքէն անցնի տապալել այն ամբողջը, որ կատարուած է», ըսաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ իրենք թոյլ պիտի չտան ոեւէ մէկուն խանգարել սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը:
Ժողովուրդը պէտք է վեր կանգնի ամէն տեսակ ճնշումներէ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին գիտակցելու իրենց ընտրութեան իրաւունքը, չառաջնորդուելու «խնամի-բարեկամ» սկզբունքով, այլ վստահելու այն ուժին, որ իր քայլերը մեծ համոզումով կ՛իրականացնէ:
Ցանկին վրայ 5-րդ դիրքի վրայ եղող կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան կարգախօսը` «Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան»: Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը, իբրեւ 100-ամեակը շրջանցած կուսակցութիւն, ստանձնած է Հայաստանի անկախութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու դերակատարութիւնը: Այս 25 տարիներուն Հայաստան ապրած է լուրջ փորձութիւններ, որոնց ընթացքին ՀՅԴ-ն կատարած է իր հիմնական առաքելութիւնը` Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը հաւասարակշռել` թոյլ չտալով, որ հանրութիւնը գլորի անկայունութեան անդունդը: «Մենք կայուն զարգացման քաղաքական ուժ ենք, եւ մեր այդ ուղեգիծին առանցքը մարդն է: Մեր կարգախօսը` «Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան»-ը յենած է երեք կարեւոր սիւներու վրայ` մարդ, ընտանիք, ազգ: Եւ ոչ մէկ բան այս գագաթներուն տրուած հարուած կրնայ ըլլալ: Մեր հիմնական յոյսը հայ մարդն է, որ իրաւունք ունի ազատ կերպով ապրելու իր հայրենիքին մէջ», ըսաւ Լեւոն Մկրտչեան` աւելցնելով, որ այսօր Հայաստան ունի պատմական առիթ կազմելու լուրջ դերակատարութիւն ունեցող խորհրդարան, որ պիտի երաշխաւորէ իշխանութեան հաւասարակշռութիւնը:
ՀՅԴ համամասնական ցանկի երրորդ դիրքին վրայ եղող Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը այն եզակի քաղաքական ուժն է, որ յաղթած կ՛ուղղուի դէպի այս ընտրութիւնները:
«Կը յաղթեն ո՛չ թէ աթոռներով, այլ գաղափարներով: 25 տարի եղաւ, որ մենք մեր երկրին մէջ յամառօրէն կը պայքարինք, որ երկրին մէջ փոփոխութիւններ կատարուին կառավարման համակարգին մէջ: Նոյն յամառութեամբ կ՛ուզեմ, որ Դաշնակցութիւնը նախաձեռնէ տնտեսական մարզին մէջ պայքարին, որ պիտի առաջնորդէ երկրի համախառն ներքին արտադրութեան աճին, բնակչութեան բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացման եւ կարեւորագոյնը` ներքին համերաշխութեան ապահովման: Ոչ մէկ երկրի մէջ ներքին համերաշխութիւն գոյութիւն կրնայ ունենալ, եթէ կայ եկամուտներու մեծ անհաւասարութիւն», ըսաւ Դաւիթ Լոքեան` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է երկրի տնտեսութիւնը հզօրացնել:
Ըստ Լոքեանի, կարելի է ճշդել այն, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին երկիրը որդեգրած է ուղղութիւն մը, որ իսկապէս կարելի է նկատել Դաշնակցութեան տնտեսական հիմնաքարերէն մէկը: Բոլորին համար ալ յստակ է, որ սեփական հատուածը լաւագոյն կառավարիչն է Հայաստանի նման տնտեսութիւն ունեցող երկրի մը համար: Անհրաժեշտ է, որ տնտեսական խնդիրները լուծուին փուլային տարբերակով, քանի որ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ փոքր շուկայ մը չի կրնար շուկայական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ համախառն ներքին մեծ աճի առաջնորդել: Ըստ Լոքեանի, վերջին ամիսներուն պետութիւնը ուղղակիօրէն մասնակից եղած է կարգ մը ծրագիրներու, որոնց թիւը կը հասնի քանի մը հարիւրի:
Երկրին մէջ շատ խնդրայարոյց կը շարունակէ մնալ դրամավարկային քաղաքականութիւնը: Լոքեանի համաձայն, երկիրը չի կրնար արագ կշռոյթով զարգանալ, եթէ չկարգաւորուի դրամատնային համակարգը, որ այսօր կը գործէ ազատ շուկայական տրամաբանութեամբ: Գոյութիւն ունի դրամական միջոցներու պակաս, այդ պատճառով ալ վարկային տոկոսները շատ բարձր են: Բայց այդ բարձր տոկոսներով կարելի չէ երկրին մէջ տնտեսութիւնը խթանել, գործարարութեամբ զբաղիլ, աշխատատեղեր ստեղծել: Դրամատնային համակարգը կարգաւորելը Դաշնակցութեան տնտեսական ծրագիրին առանցքային մասն է, որպէսզի այն մարդիկ, որոնք կրնան ձեռնարկատիրութեամբ զբաղիլ, կարենան աժան միջոցներ ունենալ ու տնտեսութիւն վարել:
«Յառաջիկայ հինգ տարիներուն 5 եւ աւելի տոկոսի հասնող տնտեսական աճ պիտի ունենանք, ինչ որ իրեն հետ պիտի բերէ եկամուտներու յաւելում, ձեռնարկութիւններու համար յաւելեալ արժէք, եւ այսպիսով երկիրը աւելի բարեկեցիկ պիտի ըլլայ», ըսաւ Լոքեան: Անոր համաձայն, պետութիւնը իր կարգաւորիչ դերակատարութիւնը պէտք է ունենայ տնտեսութեան քանի մը հարցերու մէջ, օրինակ` գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ յատկացումներ կատարել, որպէսզի Հայաստան կարենայ տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ մրցիլ իր դրացիներուն հետ:
«Օրինակ Վրաստանի մէջ մէկ հեկտարի համար բնակիչները պետութենէն կրնան ստանալ մինչեւ 350 տոլարի օժանդակութիւն: Մեր նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ այս ցուցանիշին հասնիլը: Տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է ինքնաբերաբար իր անդրադարձը ունենայ ընկերային եւ առողջապահական մարզերուն վրայ: Պէտք է կարենանք այս մարզին մէջ ամէնէն արագ միջոցին ներդրել պետական ու սեփական ապահովագրութիւնը: Պետութիւնը ինք պէտք է դառնայ հիմնական ապահովագրողը ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ ապրող բնակիչներուն: Ներածումի կամ ծառայութիւններու մարզին մէջ գործող ձեռնարկութիւնները պէտք է դառնան իրենց աշխատակիցներուն համար համագործակից ընկերներ` իրականացնելով այդ ապահովագրութիւնը», շեշտեց Դաւիթ Լոքեան:
Ամփոփելով իր խօսքը` Լոքեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ներդրումներու մեծ հոսք կարելի չէ տեսնել, եթէ սփիւռքը չներառուի տնտեսութեան զարգացման մէջ: Ըստ Լոքեանի, սփիւռքը չի կրնար միայն նուիրատու ըլլալ` հիմնադրամներու համար գումար վճարելով: Սփիւռքը մարմին է, որ կ՛ուզէ ուղղակիօրէն մասնակից դառնալ Հայաստանի տնտեսական կեանքին, ուստի Հայաստան ամէն ինչ պէտք է ընէ սփիւռքի ներուժը օգտագործելու համար: Լոքեանի համաձայն, Չինաստանը, Չիլին, Հնդկաստանը խելամտօրէն կ՛օգտագործեն սփիւռքի ներուժը եւ յաջողած են այդ առումով:
ՀՅԴ համամասնական ցուցակի 6-րդ տեղը զբաղեցնող Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ պետական կառավարման համակարգը հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւն կայ:
«Մեզի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի, մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ է այն, որ պետական ծառայողը պէտք է վստահ ըլլայ` վարձատրութիւնը, որ իրեն կը տրուի, պիտի ապահովէ թէ՛ իր ընկերային, թէ՛ իր պարտականութիւններու լիարժէք իրականացման ֆինանսաւորումը, որպէսզի անոր մօտ չդրսեւորուին փտածութեան այս կամ այն երեւոյթները: Այս պատճառով է, որ մենք կ՛առաջարկենք հակափտածութեան այնպիսի մարմինի մը ստեղծում, որ կը ներառէ հասարակութեան տարբեր շերտերը, ընդդիմութեան աշխուժ մասնակցութիւնը: Մենք կ՛առաջարկենք պետական ծառայութեան այնպիսի սկզբունքներ, որոնք հիմնուած են հայրենասիրութեան, պատասխանատուութեան եւ արհեստավարժութեան վրայ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Անոր համաձայն, ՀՅԴ-ն պիտի հասնի հոն, ուր երկրի բնական պաշարները` հողը, ջուրը, ընդերքը, մթնոլորտը, կենդանական ու բուսական աշխարհը, իբրեւ ժողովուրդի սեփականութիւն, ծառայեն ժողովուրդին եւ քաղաքացիին:
ՀՅԴ համամասնական ցանկի 4-րդ դիրքը գրաւող Արմենուհի Կիւրեղեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ իրենց կարգախօսին` «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան»: Արդար Հայաստանը, ըստ անոր, հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ ընկերային արդարութիւնն է: «Մենք այսօր ունինք երիտասարդութիւն, կիներու ներկայացուածութիւն, եւ անոնց համար հաւասար կարելիութիւններու ստեղծում: Նայեցէ՛ք մեր ծրագիրին, նայեցէ՛ք մեր խումբին եւ պիտի տեսնէք, որ Դաշնակցութիւնը ի զօրու է ի կատար ածելու իր ծրագիրը», հաստատեց Արմենուհի Կիւրեղեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի հարցին: «Մեզի համար ազատ, անկախ Արցախը մարտավարական հանգրուան է, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի միացեալ Հայաստան: Անհրաժեշտ է բարձրացնել Հայաստանի ու Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական գործակցութիւնը: Կարեւոր կը նկատենք մեր բանակի հզօրացումը, այս ուղղութեամբ արդէն կան որոշ ծրագիրներ, որոնք սկսած են իրագործուիլ: Մեր մօտեցումն է` Նիկոլ Դումանի մշակած համաժողովրդային բանակի օրինակով բարձրացնել մեր բանակին պաշտպանութիւնը», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքականութեան, Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` ՀՅԴ-ն ո՛չ ռուսամէտ է, ոչ ամերիկամէտ, ոչ ալ եւրոպամէտ: ՀՅԴ-ն հայամէտ է եւ հայաստանակեդրոն: «Որպէս համահայկական նպատակներով, համահայկական կառոյց ունեցող կուսակցութիւն, մենք նաեւ կը ստանձնենք սփիւռքի հարցերու լուծումը, յատկապէս սփիւռքի համայնքներու անվտանգութեան հարցը: Կարեւոր է սփիւռքը առաւելագոյն չափով մասնակից դարձնել Հայաստանի կեանքին», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Անոր համաձայն, կարեւոր ուղղութիւններէն է նաեւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացումը: ՀՅԴ-ի կարծիքով` ատիկա կարեւոր է Ջաւախքի մէջ բնակող վիրահայութեան քաղաքացիական իրաւունքներու տեսանկիւնէն: