Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽԵԼԱՑԻ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐ (Բ. ՄԱՍ)

March 19, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործիքներու գործածութիւն, բոյսերով բժշկութիւն, գիտելիքներու փոխանցում… Միայն մարդ արարածը չէ, որ գիտէ իր կեանքը դիւրացնել:

Մուրճ, ինքնաշարժ, հրթիռ… մարդ արարածը գիւտերու մարզին մէջ շատ յառաջացած է: Այս ձեւով, երկար ժամանակ մարդիկ մտածած են, թէ մարդն է, որ նախապատմութեան շրջանին ստեղծած էր առաջին գործիքները: Սակայն անասուններու վրայ կատարուած կարգ մը ուսումնասիրութիւններ մեզի կը ստիպեն ընդունիլ, թէ անոնք ալ գիտեն իրենց առօրեան բարելաւել առարկաներու կամ յատուկ թեքնիքներու շնորհիւ. օրինակի համար, ջրաղուէսները խեցիները կը կտրեն շնորհիւ քարի մը, զոր զգուշութեամբ կը պահեն, Ասիոյ փիղերը ճիւղեր կը գործածեն ճանճերը հեռացնելու համար…

Առայժմ շեմփանզէները կը գտնուին ամէնէն «հնարագէտ» անասուններու ցանկին գլուխը: Գիտնականները տարբեր խումբերու մէջ նշմարած են բազմաթիւ օրինակներ. մրջիւններու կամ մեղրի արտահանում` փայտիկներու միջոցով, տերեւէ «ներբաններու» շինութիւն` փշոտ ծառերուն վրայ ոտքերը պաշտպանելու համար, ծամուած տերեւներու գործածութիւնը` իբրեւ սպունգ ծառի կոճղերու փոսիկներու մէջի ջուրը հաւաքելու համար… Գիտնական մը նոյնիսկ ուսումնասիրած է մայր շեմփանզէներ, որոնք իրենց ձագերուն կը սորվեցնէին գործածելու ձեւը «ընկոյզ-կտրելիքի» մը, զոր իրենց խմբակին անդամները կը գործածեն կարգ մը պտուղներ բանալու համար:

ՇԵՄՓԱՆԶԷՆԵՐԸ

Ուկանտայի շեմփանզէները շատ կանոնաւոր ձեւով կը ծալեն եւ կլորակ ձեւով կը կլլեն ընդհանրապէս իրենց կերած բոյսերէն քիչ մը աւելի մազոտ բոյս մը: Անոնք այս բոյսերը կը գործածեն իբրեւ դեղ` աղիքներու որդերուն դէմ: Իրենց մազերուն շնորհիւ` այս տերեւները ծուղակի մէջ կը ձգեն որդերը, որոնք ետքը դուրս կ՛ելլեն անասունին աղտոտութիւններուն հետ: Այս մարդակապիկները կ՛ուտեն նաեւ պտուղներ կամ կոճղի կեղեւներ` իրենց փորի ցաւերը կամ վէրքերը դարմանելու համար: Գիտնականները կը փորձեն ներշնչուիլ անոնց դարմաններէն դեղեր պատրաստելու համար:

ԽԵՉԱՓԱՌՆԵՐԸ

Պզտիկ եւ դիւրաբեկ «կռփամարտիկ» խեչափառները բնաւ դուրս չեն ելլեր առանց իրենց աքցաններուն ծայրը բռնելու ծովու հարսնուկներ, որոնց հետ դիպչելու պարագային այրուածքներ կը յառաջանան: Երբ թշնամի մը կը ներկայանայ, օրինակի համար` ընգղայ մը, խեչափառը անոր դէմ կը պարզէ իր «զէնքերը»` անոր սպառնալով երկրակով: Ծովահարսնուկները խեչափառին կը ծառայեն նաեւ ուտելիք հաւաքելու, խեչափառը հարսնուկները կը շփէ ժայռերուն, ապա կ՛ուտէ մանր անասունները, որոնք այրուածքին չեն տոկար: Հարսնուկն ալ կ՛օգտուի այս «ընկերակցութենէն». ան ալ կ՛ուտէ մնացորդները:

ԱԳՌԱՒՆԵՐԸ

Նոր Քալետոնիոյ ագռաւներուն համար միջատներու իւղոտ թրթուրները շատ համեղ ուտելիք մըն են: Զանոնք կոճղերու փոսիկներուն մէջէն հաւաքելու համար այս ագռաւները կը գործածեն տեսակաւոր գործիքներ, զորս անձնապէս կը շինեն: Այս ձեւով, անոնք մանր ճիւղերու ծայրերը կը ծռեն կամ կը կտրեն կարգ մը մեծ «տերեւներու» «ակռաները» զանոնք իբրեւ կարթ գործածելու համար: Գիտաշխատանոցի մէջ փորձեր փաստած են, թէ ագռաւի այս տեսակը ձիրքեր ունի յատկապէս խրթին պարագաներ լուծելու գործիքներու օգնութեամբ, մանաւանդ երբ հարցը ուտելիքի հետ կապ ունի:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ՞…

Բազմաթիւ օրինակներ մեզի կը փաստեն, թէ անասուններն ալ կ՛արտայայտեն մարդ արարածներու պարագային նշուած իբրեւ «գորովի փաստեր»…

Քենիոյ հիւսիսը, Սամպուրույի անասուններու պահպանուած շրջանին մէջ, փիղերու խումբ մը տարիներէ ի վեր կը զբաղի անդամալոյծ էգ փիղով մը: Մարդկային ուսումնասիրողներուն կողմէ Պապիլ անուանուած փիղը նուազ արագ կը տեղափոխուի, քան` իր միւս առողջ ընկերները: Այս պատճառով վերջինները անոր կը սպասեն` յաճախ ետեւ դառնալով, ստուգելու համար, թէ ան շատ ետեւ չի՞ մնար: Կը պատահի նաեւ, որ խումբին պատասխանատու էգը զայն կերակրէ:

 

 

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅԵԼԻԻՆ ՓՈՐՁԸ

Յաջորդը

ՄԱՐՏԻ 22-Ը ՋՐԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՆ Է (ՑՈՒՆԱՄԻՆ ՆՈՅՆՊԷՍ ՀԱՄԱՐՒՈՒՄ Է ՋՐԱՅԻՆ ԵՐԵՒՈՅԹ)

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.