Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՏՕՆԱԿԱՆՉ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ)

October 14, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2010-ին Երեւանի մէջ «Զանգակ-97» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի «Տօնականչ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն` խմբագրութեամբ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանի:

Նախապէս, 2007-ին, լոյս տեսաւ Զարեհ Խրախունիի գրական երկերուն «Տօնակարգ» խորագրեալ առաջին ամփոփ հատորը:

Իսկ «Տօնականչ»ը երկրորդ ամփոփ հրատարակութիւնն է, որ կը բաղկանայ 312 էջերէ եւ կը բովանդակէ Խրախունիի 1973-2010 թուականներուն քերթողական ստեղծագործութիւններուն ժողովածուն:

Արդարեւ, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանի խմբագրած «Տօնականչ» հատորը կը բովանդակէ  Խրախունիի հետեւեալ չափածոյ երկերը. «Տօնակարգ» (1973), «Զբօսապտոյտ» (1978), «Ամպ ու աւազ ափերուս» (1982), «Դիւցազնահանդէս» (1984), «Ուղիներ» (1987), «Լուսնապարտէզ» (1968), «Ազատերգութիւն» (Լոս Անճելըս, 1993 – Երեւան, 1993), «Քար Հայաստանի» (Սուրբ Էջմիածին, 1997 – Պէյրութ, 1997), «Արի արքայն» պոէմ (1998), «Շեղբի վրայ ճարտարախաղ» (1998), «Ծաղիկներու պէս» (2000), «Յոբելենական» (2002), «Մեսրոպատօն» (2005), «Հարցարան» (2007) եւ «2009-2010 թթ.» անտիպ քերթուածներ:

Պէտք է ըսել, թէ Երեւանի «Զանգակ-97» հրատարակչութիւնը կատարած է գովելի աշխատանք մը` ամփոփ հատորի վերածելով Զարեհ Խրախունիի չափածոյ երկերը, որոնք լոյս տեսած են տարբեր առիթներով եւ ներկայիս դժուար է գտնել մատչելի օրինակներ անոնցմէ:

«Տօնականչ» խորագրեալ ծաւալուն հատորին հիմնական առաւելութիւնը կը կայանայ Խրախունիի ընտիր երկերը համապարփակ ձեւով ներկայացնելու իր հանգամանքին մէջ: Այս իրողութիւնը կ՛ընձեռէ շահեկան նպաստ մը հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներուն եւ գրասէրներուն, որոնք կը բաղձան պատրաստել ուսումնասիրութիւն` Խրախունիի քերթողական գործերուն եւ արուեստի անոր ըմբռնումներուն շուրջ:

«Տօնականչ»ը կ՛ընծայէ հայ գրողներուն հնարագոյն առիթը նաեւ թափանցելու Զարեհ Խրախունիի իմացական աշխարհէն ներս ու ենթարկելու գիտական վերլուծումի անոր խոհուն միտքը:

«Տօնականչ» խորագրեալ ժողովածուն ցոյց կու տայ, թէ Զարեհ Խրախունի ի՞նչ չափով յառաջդիմութիւն արձանագրած է քերթողագիրքէ քերթողագիրք` իր գրական ստեղծագործութեան երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին:

Այս յղացքով, գրաքննադատները պիտի նկատեն, թէ Խրախունի կրցա՞ծ է արժեւորել շրջապատի իրերն ու երեւոյթները գեղարուեստական նորագոյն չափանիշներով եւ գեղեցկացնել կեանքը բնութենէն իր քաղած մտածումի պատկերաւոր արտայայտութեամբ:

Իրողութիւն է, որ վերոյիշեալ իւրայատկութիւնները ներկայ են Զարեհ Խրախունիի «Տօնականչ» խորագրեալ երկրորդ հատորին մէջ, որուն քերթողական բազմաբնոյթ երկերը օժտուած են լեզուական գրաւչութեամբ, ճաշակով եւ արուեստի մտահոգութեամբ:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ապրիլ 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ՀԱՄԱՑԱՆՑ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ. ԱՆԻԿԱ ԳԻՏԷ

Յաջորդը

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՓԹԻԹ»

RelatedPosts

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը
Անդրադարձ

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը

November 25, 2026
Որպէս ԼՂ Հակամարտութեան Միջնորդներ` ԱՄՆ-ն, Ֆրանսան Եւ Ռուսաստանը Պարտաւոր Են Դիւանագէտների Միջոցով Դիտորդի Կարգավիճակ Պահանջել Պաքուից
Անդրադարձ

Քաղաքացիութիւն, Հոգեխոց Եւ Սփիւռք. Հայաստանի Առաջարկած Բնակութեան Պահանջը` Համեմատական Հայեցակէտով

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։