Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՇՆՈՏԱ Գ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

October 13, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս անձնական գիր մը ուղղեց Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնոտա Գ. պատրիարքին` յայտնելու, թէ ինք այժմ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, եւ թէ մօտէն կը հետեւի Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն` ղպտի համայնքի զաւակներուն եւ եգիպտական բանակին պատկանող ջոկատներու միջեւ:

Այս առիթով վեհափառը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը կը յայտնէ, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը` Շնոտա Գ. պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ:

Այս առիթով վեհափառը նաեւ կը վերանորոգէ իր կոչը` շեշտելով քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գոյակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ Եգիպտոսի ղպտիները իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ պէտք է համահաւասար իրաւունքներ ունենան իրենց իսլամ եղբայրներուն ու քոյրերուն կողքին:

Յայտնենք, որ հայ եւ ղպտի եկեղեցիները դաւանակից քոյր եկեղեցիներ են, եւ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ղպտի եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ անձնական սերտ բարեկամութիւն` Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Շնոտա Գ. պատրիարքին միջեւ: Վեհափառին անունով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կապ պահեց Քալիֆորնիոյ ղպտի եկեղեցւոյ առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսին հետ եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր:

Նախորդը

«ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅՈՒՆ ԳՈՅԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.