Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՅՆՃԱՐ. ՀՈՒՆՁԻ ՏՕՆ

October 13, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2011-ը յատուկ օր մըն էր Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համար: Եկեղեցւոյ բեմը ստացած էր տարբեր երեւոյթ, որովհետեւ զարդարուած էր պտուղներով եւ բանջարեղէններով: Այս աւանդութիւնը սկսաւ 62 տարիներ առաջ, քոյր Հետուիկի նախաձեռնութեամբ, որուն հիման վրայ հոկտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին, եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի հունձքի պաշտամունք: Այս մէկը գեղեցիկ առիթ է փառաբանութեան եւ շնորհակալութեան` ուղղուած առ Աստուած, որպէս երախտագիտութիւն աշխատանքի կարողութեան եւ մանաւանդ բերք ունենալու իրականութեան: Նախքան այդ պաշտամունքի օրը, ամբողջ շաբթուան ընթացքին եկեղեցւոյ տիկնանց վարչութեան անդամները եւ այլ կիներ «զինուորագրուելով» կը շրջին ամբողջ գիւղը եւ կը հաւաքեն նիւթական օժանդակութիւն կամ բերք: Հանգանակուած գումարը եւ բերքը կը տրամադրուի հայ ծերանոցին:

Այս տարի հունձքի պաշտամունքը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ անոր ներկայ գտնուեցան խումբ մը ծերեր ՔԱՀԼ-էն, իրենց հոգատարներուն հետ: Ներկայ էր նաեւ օրուան պատգամաբերը` պատ. Սեպուհ Թէրզեան: Պաշտամունքը սկսաւ եկեղեցւոյ հովիւ, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի առաջնորդութեամբ: Ան հրաւիրեց ժողովուրդը փառաբանութեան երգեր երգելու, ապա մատուցեց աղօթք: Աղօթքի ընթացքին վեր. Մսըրլեան յիշեց Գէորգ Գարապոյաճեանը, որ երկար տարիներ ծառայեց իբրեւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն եւ 20 տարիներ շարունակ որպէս տնօրէն յաճախ ներկայ եղաւ հունձքի տօնին: Վեր. Մսըրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց առ Աստուած Գարապոյաճեանի կեանքին եւ ծառայութեան համար եւ խնդրեց Աստուծոյ մխիթարութիւնը իր կողակիցին ու ընտանիքի անդամներուն:

Պատ. Թէրզեան կատարեց Աստուծոյ խօսքին բացատրութիւնը` նախ գնահատելով Այնճարի ժողովուրդին այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, ապա շեշտելով, որ Աստուած կ՛ուզէ մեզմէ մեր լաւագոյնը տալ իրեն, մեր դրամէն, մեր ժամանակէն, մեր պաշտամունքի հոգիէն եւ մանաւանդ լաւագոյնը տանք մեր ապրած գործնական կեանքով:

Պաշտամունքը աւարտեցաւ «Հայր մեր»ի երգեցողութեամբ եւ վեր. Մսըրլեանի առաքելական օրհնութեամբ:

Պաշտամունքէն ետք 25 ծերունիներ եկեղեցւոյ Ջանից սրահին մէջ հրաւիրուած էին ճաշի, որ պատրաստուած էր տիկնանց վարչութեան կողմէ:

Վարձքը կատար բոլոր կիներուն, եւ թող Տէրը օրհնէ Այնճարի մեր ժողովուրդը:

ՎԵՐ. Ր. ՄՍԸՐԼԵԱՆ

Նախորդը

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 82-ՐԴ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Յաջորդը

ՀԲԸՄ «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ. ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՉՈՒԳԱՍԸԶԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.