
Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, կէսօրէ առաջ, ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ «Սփոր Էվազիոն» – Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքայ պայմանագրութեան կնքում` մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան:
Պայմանագրութեան կնքումը տեղի ունեցաւ վերոնշեալ սենտիքային կեդրոնատեղիին մէջ (Էշրեֆիէ):
Անոր ներկայ գտնուեցան «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք, սենտիքայի նախագահ Ասատ Խուրի, փոխնախագահ Ալի Ամմար, ընդհանուր քարտուղար Հիքմաթ Սէյիտ, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Նշենք, որ «Սփոր Էվազիոն» աւելի քան տասը տարուան փորձառութիւն ունի ֆութսալի եւ պասքեթպոլի մրցաշարքերու կազմակերպման առնչութեամբ:
Երկու կողմերը յոյս յայտնեցին իրարու միջեւ գործակցութիւնը շարունակել յառաջիկայ տարիներուն: