
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 97-96 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Այս պարտութիւնը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 38-րդը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 40 կէտ:
Շիքակօ Պուլզ 105-94 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թորոնթօ Ռեփթըրզին, մինչ վերջին մրցումին Մինեսոթա Վուլվզ 116-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Քլիվլենտ Քաւալիրզէն, հակառակ անոր որ Էնտրու Ուիկինզ նշանակեց 41 կէտ` ի նպաստ Վուլվզի: Լեպրըն Ճէյմս (Քաւալիրզ) նշանակեց 25 կէտ:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Տալաս Մավըրիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մայեմի Հիթ
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Եորք Նիքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Աթլանթա Հոքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ