«Չեմ կարծեր, թէ ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութեան առնչուած որեւէ անակնկալ փոփոխութիւն ըլլայ», «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ընտրական փուլէն ետք որոշակի անակնկալ փոփոխութիւններ ըլլան եւ իշխանափոխութեան պարագային ՀՅԴ-ն ընդդիմութեան միանայ:
«Չեմ կարծեր, թէ ՀՅԴ-ին առնչուող որեւէ անակնկալ ըլլայ, որովհետեւ մենք մեր ծրագիրները ունինք, եւ եթէ որեւէ մէկը առաջարկէ միացեալ աշխատանք տանիլ այդ ծրագիրներուն համապատասխան, մենք անոնց հետ համագործակցութեան պատրաստ ենք: Այլապէս Դաշնակցութիւնը չի միտիր ինքնանպատակ դաշինքներ ու միաւորումներ հաստատելու` պարզապէս աթոռներ բազմացնելու եւ փառամոլութեան խնդիրներ լուծելու նպատակով», հաստատեց Ռուստամեան:
Ըստ Ռուստամեանի, ՀՅԴ-ն յաջորդ Ազգային ժողովին մէջ կարելի պիտի ընէ, որպէսզի իր սկսած աշխատանքը աւարտին հասցնէ. «Ասիկա պիտի ընենք, որպէսզի չարտօնենք, որ տարուած աշխատանքը ի զուր ըլլայ: Բնական է, որ մենք պատրաստ ենք համագործակցելու այն բոլոր ուժերուն հետ, որոնք այս մօտեցումը կը կիսեն»:
ՀՅԴ-ի պատգամաւորը չ՛ուզեր գուշակութիւններ կատարել, թէ արդեօք հաւանակա՞ն է երկրորդ փուլ եւս տեղի ունենայ. «Մեր առաջադրանքը այն է, որ ապահովենք այնքան ներկայութիւն, որ այս բարեփոխումներու հոլովոյթը անշրջանցելի դառնայ, ապա սրընթաց կերպով արդիւնքներ արձանագրուին, որպէսզի ժողովուրդը անոր պտուղները քաղէ, որովհետեւ մենք համոզուած կատարած ենք այս քայլը, որպէսզի երկրին մէջ տիրող դժգոհութեան պատճառները վերցուին: Ներկայիս այդ պատճառները վերցնելու հիմքերը դրած ենք, կը մնայ, որ մարդիկ անոր դրական արդիւնքները շօշափեն», ըսաւ ան:
Ըստ Ռուստամեանի, եթէ Դաշնակցութեան ներկայացուածութիւն չըլլայ, այդ աշխատանքը արագ լուծում չի ստանար. «Իսկ եթէ ՀՅԴ-ն մեծ ներկայութիւն ունենայ, մեր ժողովուրդը աւելի շուտ պիտի նկատէ, որ այս բոլորը իրապէս ճիշդ էին, եւ բոլորն ալ պիտի օգտուին այս առիթէն: Անկէ ետք, հարց չէ, թող մոռնան, թէ որո՛ւն շնորհիւ էր, որ այսպէս եղաւ, բայց ամէն պարագայի ատիկա մեր խնդիրն է»:
Ռուստամեանի համաձայն, ինքնանպատակ չէ Դաշնակցութեան միտումը` Ազգային ժողովին մէջ մեծ թիւով ներկայութիւն ունենալու. «Այսօր Ազգային ժողովին մէջ ՀՅԴ-ն 5 հոգի է, բայց այնքան աշխատանք տարած է, որ 50 հոգի չէր ըներ: 5 հոգիով սահմանադրութիւն փոխել, ընտրական համակարգ փոխել, այսինքն` մէկը պատկերացուցա՞ծ է, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կարելի էր իրականացնել: Եթէ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը տեսնէք, անոր առնուազն մէկ գլուխը ժողովրդավարական պետութեան կայացման կը վերաբերի. անիկա գրեթէ ամբողջութեամբ իրագործուած է` ունենալով 5 պատգամաւոր», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն դիտարկման, թէ որքանո՞վ վստահ են, որ այս ընտրական օրէնսգիրքը ժողովրդավարութիւն պիտի ապահովէ` հաշուի առնելով, որ շատ մը քաղաքական գործիչներու եւ որոշ քաղաքացիներու համար վարկանշային ցանկին տրամաբանութիւնը այդքան ալ պարզ չէ, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ «կը կարծեմ, թէ վարկանշային կարգով ընտրութիւնները հետագային պիտի վերանայուին»:
«Այստեղի խնդիրը այն է, որ վարկանշային համակարգը վստահ ընտրութիւններէն ետք վերատեսութեան պիտի ենթարկուի, որովհետեւ այստեղ կան որոշ հարցեր, ուր բացթողումներ կան, եւ հասկնալի է, որ ճիշդ չէ այս ձեւը կիրարկել: Բայց եւ այնպէս ասիկա բոլորին համար նոյն ձեւն Է», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մտավախութիւն չկա՞յ, որ այս հոլովոյթը վերահսկողութենէն դուրս ելլէ, Ռուստամեան ըսաւ. «Չէ, եթէ մեր վերահսկողութենէն դուրս ելլէ, ուրեմն բոլորին վերահսկողութենէն դուրս ելած կ՛ըլլայ, հետեւաբար այդ առումով վատ չ՛ըլլար, որովհետեւ բոլորին մօտ հաւասար իրավիճակ կը տիրէ:
«Սակայն նախնական մեկնարկային պայմանները բնականաբար նոյնը չեն, որովհետեւ ասկէ առաւելաբար իշխանութիւնը կրնայ օգտուիլ, որովհետեւ աւելի շատ վարկանշային կարգով ընտրուած մարդ կրնայ ունենալ: Բայց այլ առումով, եթէ միւսները կարելիութիւն չունին վարկանշային կարգով ընտրուած մարդիկ ունենալու, ատիկա, ըստ էութեան խումբին փոքր ըլլալուն ցուցանիշն է: Այդ առումով, բնականաբար դժուարութիւններ պիտի յառաջանան, որովհետեւ շատ մեծ թիւով եւ տարբեր տարածքներէ թեկնածուներ պիտի մասնակցին», ըսաւ ան:
Ըստ ՀՅԴ պատգամաւորին, գրեթէ ամէն մէկ ձայն հաշուըւած պիտի ըլլայ: «Այսինքն` անտէր քուէներ պիտի չըլլան, ասիկա որոշ չափով լաւ է, որ ժողովուրդին մէջ առաւել աշխուժութիւն ըլլայ», ըսաւ ան` միեւնոյն ժամանակ չբացառելով, որ խմբակի ներքին աշխատանքներուն մէջ կրնան «անարդար դրսեւորումներ ըլլալ»:
«Վարկանշայիններուն մօտ կրնայ այսպիսի վիճակ մը յառաջանալ, որ մէկը աւելի շատ ձայն ստանալով` իր իսկ խմբակին մէջ իր աթոռը չստանայ, իսկ միւսը իրմէ քանի մը անգամ պակաս ձայն ունենալով` ստանայ: Ասիկա անարդար է, միւս կողմէ կրնան ըսել, որ մեր մէջ եղող աթոռներն են, ի՞նչ կապ ունի միւսներուն հետ, բայց չէ՞ որ մէջի անձը եւս ջանք ու եռանդ դրած է, սակայն չէ անցած, այսինքն` ապահոված է խաղի կանոն մը, որմէ կրնայ օգտուիլ այն անձը, որ նուազ ձայներով կրնայ աթոռ ստանալ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով վերջին հարցումին, թէ անիկա կրնա՞յ, որոշ ընդդիմադիրներու ձեւակերպումով, «իշխանական բուրգի» փլուզման պատճառ դառնալ, Ռուստամեան եզրափակեց. «Կը կարծեմ, թէ ներքին դժգոհութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ, որ այս ընտրակարգը կրկին վերատեսութեան ենթարկենք»: