
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն յաղթանակով` 69-60 արդիւնքով (17-10, 15-14, 17-15 եւ 20-21):
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժիւըլ Թանսթալ (28), Այտա Պախոս (17), Ֆարահ Հարաքէ (14), Լէյլա Ֆարես (4), Մեղրի Թորոսեան, Սանտրա Նաժըմ եւ Քաթերին Հաժ (2-ական):
Յառաջիկայ շաբաթասկիզբին կը սկսին դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Այս հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք` խումբերուն թիւին անզոյգ ըլլալուն պատճառով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ ուրբաթ, 17 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի:


