
Երէկ կէսօրէ առաջ Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ հինգերորդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեան` 2000-էն, 2008-էն, 2012-էն եւ 2015-էն ետք:
Ախոյեան կազմը արժանացաւ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան:
Խումբը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի, փոխնախագահներ Ռամի Ֆաուազի, Էտի Ապի Զախեմի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Միշել Ռըզքի, նախարարութեան մարզական հարցերու նախագահ Մոհամետ Աուայտաթի, ֆետերասիոնի անդամ Թամմամ Ժարուտիի, Ռիատի ակումբի նախագահ Հիշամ Ժարուտիի, մարզիկներուն ընտանեկան պարագաներուն, մարզական բազմաթիւ լրագրողներու, մարզասէր հասարակութեան եւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաներուն կողմէ:
Լիբանանի խմբապետ Ֆատի Խաթիպի` բաժակով մուտք գործելէն ետք, ներկաները ծափողջոյններով դիմաւորեցին ախոյեանները:
Ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա ըսաւ, որ այս տիտղոսին տիրանալը Լիբանանի համար եղաւ բաւական կարեւոր իրագործում մը, որուն յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ Ասիոյ ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին` Լիբանանի մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու տնօրէն Եասեր Հաժ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելով մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ լիբանանեան մարզական մամուլին մասին, որ այս ախոյեանութեան մշտապէս զօրավիգ հանդիսացաւ ազգային խումբին: