«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պիելռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յերիւրանք անուանած է Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵՏՄ) եւ Պիելոռուսիոյ ու Ռուսիոյ միութենական պետութենէն երկրին դուրս գալուն մասին յայտարարութիւնները:
«Ինչ կը վերաբերի ԵՏՄ-ի եւ միութենական պետութեան մասին յայտարարութիւններուն` ամբողջովին յերիւրանք է», ըսած է ան:
Ան ըսած է, որ իր երկիրը 15 միլիառ տոլար կորսնցուցած է ԵՏՄ-ի մէջ անհաւասար գիներու եւ պայմաններու պատճառով: «Այս ընթացքին անհաւասար գիներու, անհաւասար պայմաններու պատճառով Պիելոռուսիան կորսնցուցած է 15 միլիառ տոլար: Անոնք կ՛ընդունին այդ թիւը: Եւ ահա անոնք մեզի այժմ տուած են 5 միլիառի վարկ: Տէ լաւ, գիներու միջոցով մեզմէ վերցնել 15 միլիառ եւ ետքը մեզի տալ մեր իսկ գումարները, եւ ընդամէնը ատոր մէկ երրորդ մասը` աւելի մեծ տոկոսով, քան Միջազգային դրամատունինը», ըսած է Լուքաշենքօ:
Բայց եւ այնպէս ան վստահութիւն յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Մինսքը պիտի կարենան լուծել բոլոր վիճելի հարցերը եւ համաձայնիլ:
Պիելոռուսիոյ նախագահը մեղադրած է Ռուսիան սահմանային գօտիներու վերականգնման առնչութեամբ միջազգային համաձայնութիւնները խախտելու համար:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիան սահմանային գօտի սահմանած է Պիելոռուսիոյ հետ իր սահմանին վրայ: Համապատասխան կարգադրութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 7 փետրուարին:
«Դուք պատկերացուցէք` գոյութիւն ունին միջպետական համաձայնագիրներ: Եւ նախարար մը գրիչի մէկ հարուածով խաչ կը քաշէ բոլոր պայմանաւորուածութիւններուն վրայ` արձակելով իր հրամանը` 801, 802, 803: Ես նոյնիսկ կը նշեմ այդ հրամանագիրներուն թիւերը… Նախարարը մէկ գրիչի հարուածով զայն ջնջեց: Ատիկա ի՞նչ է, բնակա՞ն է», ըսած է Լուքաշենքօ` Մինսքի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պիելոռուսիա դատարան դիմած է Ռուսիոյ հետ նաւթի եւ կազի շուրջ վէճի հարցով: «Վէճը կը վերաբերէր միայն կազի հարցին, իսկ անոնք սկսած են կտրել նաւթը: Մենք դիմած ենք, ի հարկէ, դատարան, համաձայն մեր պայմանաւորուածութիւններուն», ընդգծած է Լուքաշենքօ: