Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներ ստեղծելու ծրագիրը:
Նշենք, որ Ապտալլա թագաւորը առաջին արաբ ղեկավարն է, որ Թրամփի նախագահ ընտրուելէն ետք հանդիպում կ՛ունենայ անոր հետ:
Նախքան Թրամփի հետ իր հանդիպումը, Յորդանանի թագաւորը նաեւ հանդիպում ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի, ինչպէս նաեւ երկու անջատ հանդիպումներ ունեցած էր Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն եւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահին ու անդամներուն հետ: