ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիոյ նախկին համանախագահ Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիզիմայա Կազեթա»-ին մէջ ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ յօդուած մը, որուն մէջ նշած է, թէ Պաքուի ղեկավարութեան դիրքորոշումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկներուն նկատմամբ, չի յատկանշուիր կառուցողականութեամբ:
«Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը խլած է 20 տարի ու տակաւին աւելի ու աւելի կը պահանջէ: Եթէ հայկական երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխատանք տանելու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջարկներուն գծով, ապա պաշտօնական Պաքուն չի ալ ձգտիր անոր, ընդհակառակն` կը փորձէ որեւէ ձեւով խաթարել միջնորդներուն նախաձեռնութիւնները կամ ձգձգել անոնց վերանայումը: Դեռ աւելի՛ն, նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ նախկինին պէս զինուորական գործողութիւններու վերսկսման վերաբերեալ սպառնալիքներ հնչեցնել», վերլուծութեան մէջ գրած է Քազիմիրով:
Ըստ անոր, հակառակ Պաքուի նախկին ղեկավարութեան սխալ հաշիւներուն ու 1991-1994 թուականներուն ղարաբաղեան պատերազմի բաւական ուսուցողական բնոյթին, տպաւորութիւն կը ստեղծուի այն գծով, որ ներկայի ղեկավարութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ իրական գնահատական տալ կարեւորագոյն գործօններուն, օրինակ, թէ ի՛նչ պիտի արժէ նոր զինուորական գործողութիւն մը իր ժողովուրդին եւ շրջանին, եւ ինչպիսի՛ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
«Պաքուի թերացումներու ծիրին մէջ արժէ նաեւ ընդգրկել ոչ հազուադէպ նկատուող անբաւարար լրջութիւնը ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ստորագրուած են իր մասնակցութեամբ: Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը` յառաջ տանելու ղարաբաղեան տագնապի լուծումը հայկական զօրքերու դուրս բերման միջոցով, միամիտ եւ անիրական է: Յստակ է, որ զօրքերու դուրս բերումը կրնայ տեղի ունենալ միայն կրակի եւ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վստահելի ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նոր կարգավիճակի հաստատումով:
«Աւելի իրական են ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդին կողմէ 15 ապրիլ 1994-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ ընդունուած յայտարարութեան շեշտադրումները: Այնտեղ յստակեցուած է տագնապի լուծման քայլերու հերթականութիւնը: Իլհամ Ալիեւի դիրքորոշումը բացարձակապէս չի համապատասխաներ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներուն դիրքորոշումին», ընդգծած է ան: