Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՒՐՕ-2012. ԱՅՍՕՐ ԱՅԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ` ՏԱՊԼԻՆԻ ԱՒԻՒԱ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

October 11, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի կազմը` իր արձանագրած վերջին յաղթանակէն ետք

Երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Այիր ժամանեց Հայաստանի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Մանուչարեանի:

Ինչպէս ծանօթ է, այսօր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Տապլինի մէջ գտնուող «Աւիւա» մարզադաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Այիրի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ այսօր գիշեր կը յստականան աւարտական հանգրուան հասնող տասը խումբերուն, ինչպէս նաեւ փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող ութ խումբերուն անունները:

Հայրենի կազմին կատարելիք այսօրուան այս ճակատումը պիտի ըլլայ ճակատագրական, որովհետեւ փլէյ-օֆի մրցումներուն տոմս մը ապահովելու համար յաղթանակէ այլընտրանք չկայ, այլապէս հաւասարութեան կամ պարտութեան պարագային (ինչ որ բաղձալի պիտի չըլլայ), Այիր ինք պիտի ըլլայ այդ տոմսը ապահովողը:

Այիր մեկնած Հայաստանի 19 ֆութպոլիստներուն կողքին չկային բերդապահ Գէորգ Գասպարով եւ Ռոպերթ Արզումանեան, որոնք կը շարունակեն մնալ վիրաւոր:

Վարդան Մինասեան

Յամենայն դէպս, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կը վստահեցնէ, որ իր կազմը լաւապէս պատրաստուած է այս ճակատումին եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ անկարելին կարելի դարձնելով երեք կէտ խլելու դաշտին տէրերէն:

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, շուրջ 250-300 հայեր, որոնք կը բնակին մայրաքաղաք Տապլինի մէջ, պատրաստ վիճակի մէջ են ուղղուելու «Աւիւա» մարզադաշտ, որ կրնայ հիւրընկալել 51,700 հանդիսատես:

Երէկ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին Այիրի իտալացի մարզիչ Ճիովանի Թրափաթոնի ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ բոլորն ալ տեղեակ են, որ հայկական խումբը շատ զօրաւոր է: Ասիկա անշուշտ բոլորին համար ալ յստակ է` նկատի ունենալով, որ Բ. խմբակին մէջ Հայաստանի յարձակողականը ամէնէն շատ կոլեր

Ճիովանի Թրափաթոնի

նշանակած խումբն է: Պէտք է շատ զգուշ ըլլանք մեր մրցակիցէն: Խոստովանելով ըսեմ, որ յաղթելու համար պէտք է 100 տոկոսով կեդրոնանանք եւ ոչ մէկ վայրկեան թուլնանք: Ներկայ հանգրուանին, Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկներէն շատերը մաս կը կազմեն զօրաւոր նկատուող ախոյեանութեան մրցումներուն, մինչ մեր մարզիկներէն շատերը մաս կը կազմեն անգլիական Բ. դասակարգի խումբերուն»:

Այիրի խմբապետ Ռոպի Քին այս մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ` ոտքի մկանային հարցեր ունենալուն պատճառով: Թէեւ 31 տարեկան Քին իր մասնակցութիւնը բերաւ նախանցեալ ուրբաթ Անտորրայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (90 վայրկեան), սակայն ան աւելի ուշ յայտարարեց ըսելով, որ կը զգայ մկանային ցաւեր:

Յամենայն դէպս, մարզիչներու կամ մարզիկներու կատարած յայտարարութիւնները, թէ ո՛ր խումբը աւելիով պատրաստուած է այս մրցումին կամ ո՛ր խումբը աւելիով յոյս ունի յաղթանակ արձանագրելու, իրականութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ 90 վայրկեան տեւած մրցումէն ետք է, որ կը յստականայ յաղթականին անունը:

Երէկ, անգլերէնով իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Վարդան Մինասեան ըսաւ. «Այիր ժամանեցինք բարձր տրամադրութեամբ եւ նպատակ ունենալով յաղթել, հակառակ անոր որ մեր մրցակիցը հիւրընկալ երկիրն է, իսկ մենք` հիւր խումբը: Ասիկա մեզի չի հետաքրքրեր եւ ոչ ալ Այիրի ունեցած այս առաւելութենէն մտահոգ ենք: Բոլորն ալ տեղեակ են, որ Հայաստան իր արձանագրած վերջին երեք մրցումէն երկուքը յաղթանակ արձանագրեց օտար դաշտերու վրայ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին: Ես այժմ մեր կատարելիք մրցումին մասին կը մտածեմ եւ վիճակագրութիւններով եւ թուաբանական հաշիւներով չեմ զբաղիր: Խումբը ամբողջական է եւ այսօր` երեքշաբթի, խումբին կը միանայ նաեւ Արազ Օզպիլիս: Միակ մտահոգութիւնը, որ կայ, այդ ալ Էտկար Մանուչարեանի հետ կապուած է, որովհետեւ անոր մասնակցութիւնը հարցականի տակ է: Մեծ յոյս ունիմ մարզիկներու վրայ»:

Իրաւարար Իթուրալտ Կոնզալես

Եու. Է. Էֆ. Ա.-ին կողմէ այսօրուան այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է սպանացի Իթուրալտ Կոնզալես:

Նկատի ունենալով այս մրցումին կարեւորութիւնը` Եու. Է. Էֆ. Ա.ն նշանակած է այս փորձառու իրաւարարը, որ միջազգային 70 մրցում սուլած է, որոնց կարգին` սպանական Փրեմիեր Լիկայի բազմաթիւ մրցումներ:

Նշենք, որ Բ. խմբակին դասաւորումը, այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Ռուսիա 6 2 1 11 4 20
2.- Այիր 5 3 1 13 6 18
3.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 5 2 2 21 8 17
4.- Սլովաքիա 4 2 3 6 9 14
5.- Մակեդոնիա 2 1 6 7 13 7
6.- Անտորրա 0 0 9 1 19 0

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Ղազախստան – Աւստրիա 19:00
Գերմանիա – Պելճիքա 20:00
Թուրքիա – Ազրպէյճան 20:00
 

Բ. ԽՄԲԱԿ

Այիր – ՀԱՅԱՍՏԱՆ 20:45
Մակեդոնիա – Սլովաքիա 20:45
Ռուսիա – Անտորրա 20:45
 

Գ. ԽՄԲԱԿ

Իտալիա – Հիւսիսային Իրլանտա 21:45
Սլովենիա – Սերպիա 21:45
 

Դ. ԽՄԲԱԿ

Ալպանիա – Ռումանիա 22:00
Ֆրանսա – Պոսնիա 22:00
 

Ե. ԽՄԲԱԿ

Հունգարիա – Ֆինլանտա 21:00
Մոլտաւիա – Սան Մարինիօ 21:00
Շուէտ – Հոլանտա 21:15
 

Զ. ԽՄԲԱԿ

Խրուաթիա – Լաթվիա 20:00
Վրաստան – Յունաստան 20:00
Մալթա – Իսրայէլ 20:00
 

Է. ԽՄԲԱԿ

Պուլկարիա – Կալես 21:05
Զուիցերիա – Մոնթենեկրօ 21:15
 

Ը. ԽՄԲԱԿ

Դանիա – Փորթուգալ 21:15
Նորվեկիա – Կիպրոս 21:15
 

Թ. ԽՄԲԱԿ

Լիթվանիա – Չեխիա 21:45
Սպանիա – Սկովտիա 21:45
Նախորդը

ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՆՈԵԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 925 10/10/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.