«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Սեպասթիան Քուրցի հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուա՞ծ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, յայտնեց, որ այդ հանդիպումին քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի օրակարգին վրայ գտնուող շատ լայն շրջանակ, ինչպէս նաեւ այդ աշխատանքին մէջ Ռուսիոյ մասնակցութիւնը:
«Հաշուի առնելով, որ այդ հարցը կ՛առնչուի ԵԱՀԿ-ին, անիկա եւս քննարկուած է, սակայն աւելի լայն, այսինքն` ԵԱՀԿ-ի մէջ Աւստրիոյ նախագահութեան ծիրին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութիւն չունիմ», նշած է Զախարովա: