Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան Բողոքի Դիմում Կատարեց Սահմանադրական Ատեանին

January 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Paylan_11817

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որուն անուան շուրջ փոթորիկ պայթեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ` իր գործածած «ցեղասպանութիւն» բառին համար, մամուլին հաղորդագրութիւն մը ղրկելով իմաց կու տայ, թէ խորհրդարանին մէջ իրեն դէմ ցուցաբերուած վերաբերումին պատճառով 16 յունուարին դիմում կատարած է Սահմանադրական ատեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարան` դիտել տալով, որ բռնաբարուած են խորհրդարանին մէջ արտայայտուելու իր տարրական իրաւունքը եւ երեսփոխանական իր անձեռնմխելիութիւնը:

Կարօ Փայլան մամուլին ղրկուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ հակառակ անոր որ նախապէս քանիցս գործածած է այդ բառը խորհրդարանին մէջ, այս անգամ երեսփոխանները յարձակած են իր վրայ, իսկ նիստին նախագահող Ահմետ Այտըն բացայայտօրէն կողմնակցութիւն ցոյց տուած ու բռնաբարած է Փայլանի խօսելու իրաւունքը:

Նշենք, որ յարձակումներուն պատճառով ընդհատուած իր ճառախօսութիւնը աւարտելու համար, Փայլան հինգ վայրկեան խօսելու առիթ խնդրած էր, սակայն նիստին նախագահը մերժած էր եւ դիմումին պատասխանած խորհրդարանի նախագահի մը անվայել ոճով:

Նիստի նախագահը պահանջած էր նաեւ, որ Փայլանի արտասանած «ցեղասպանութիւն» բառը հանուի խորհրդարանի ատենագրութենէն, թէեւ այդ բառը նախապէս քանիցս գործածուած է:

Փայլան յիշելով պատահարը` կը հաղորդէ, թէ այդ բոլորին դէմ բողոքելու համար դիմած է Սահմանադրական ատեան ու դիտել տուած է, որ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին դէմ գործուած արարք է անիկա: Ան նաեւ խորհրդարանի նախագահութեան դիմած է` բողոքելով երեք նիստերու չմասնակցելու պատիժին դէմ: Փայլան պահանջած է, որ սրբագրուի կանոնագրութեան ներհակ այս պատիժին որոշումը:

Միւս կողմէ, «Ճումհուրիյէթ»-ի յօդուածագիր Այտըն Էնկին հրատարակած է ցնցիչ յօդուած մը, որուն մէջ դարձեալ խօսքը կ՛ուղղէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպող մութ ուժերուն` դիտել տալով, որ անոնք սխալած էին, երբ կարծած էին, թէ Հրանդ Տինքը սպաննելով` հարցը լուծած պիտի ըլլային. անոնք չէին կրցած երեւակայել, որ մէկ սպաննուած Հրանդին փոխարէն բազմաթիւ Հրանդներ հրապարակ պիտի իջնեն:

Այս վարկածէն մեկնելով` յօդուածագիր Էնկին յիշած է նաեւ Կարօ Փայլանի ելոյթը` նշելով, որ Կարօ Փայլան այժմ Հրանդին գործը շարունակող մըն է, ապա իր յօդուածը աւարտած է` ըսելով. «Չէ՞ք նշմարեր: Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն է»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին Պատիժ Սահմանել Ցեղասպանութիւնը Ճանչցողներուն Համար

Յաջորդը

Քըրպի Անդրադարձած Է Պլոկըր Լափշինի Հարցին

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.