Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Սարգսեան. Պէտք Է Բանակին Դռները Բաց Պահել Կիներուն Դիմաց»

January 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vicken_11017

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ մարդու իրաւունքներու նիւթով կայացած հանդիպման ընթացքին, 10 յունուարին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան անդրադարձած է բանակին մէջ կիներու ներգրաւուածութեան եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն:

«Այս կառոյցի առնականութեան շնորհիւ տղամարդիկ այստեղ ոչինչէ կը վախնան: Մեծ սիրով կ՛ուզենք հասկնալ բոլոր այն ուղիները, որոնցմով կիները կարենան աւելի աշխուժ դեր խաղալ զինուած ուժերուն մէջ», ըսած է ան:

Նախարարը դիտել տուած է, որ այսօր բանակին մէջ աշխատանքներ կը տարուին այնպիսի արհեստագիտական միջոցներով, այնպիսի մասնագիտութիւններով, որ որեւէ սահմանափակում կամ որեւէ բարդութիւն չկայ կիներու ներգրաւման համար, ընդհակառակն` կարելի է աւելի դիւրին գտնել այդ կարելիութիւնները:

«Մենք աւելի լայն պէտք է նայինք այդ կարելիութիւններուն եւ բացարձակ նպատակ չունենալով ժամկէտային զինուորական ծառայութիւն առաջարկել կիներուն` իբրեւ երկրի մեծագոյն գործատու պէտք է բաց պահենք մեր դռները բոլոր այն կիներուն առջեւ, որոնք  ցանկութիւն ունին իրենց մասնագիտական կեանքը կապել զինուած ուժերուն հետ: Ատիկա կրնայ ըլլայ ինչպէս ոչ մարտական զօրամասերուն, այնպէս ալ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասերուն մէջ, եթէ անոր պայմանները բանակը ի վիճակի ըլլայ պատշաճ մակարդակով ստեղծել», ըսած է ան:

Նախարարը նշած է, որ բանակին մէջ կիներու ներգրաւուածութեան փորձը այլ երկիրներէ պէտք է ներդրել այնքան, որքան ատիկա պահանջուած է Հայաստանի հասարակութեան մէջ: Ան յայտնած է, որ սահմանամերձ համայնքներուն մէջ վարժանքներու կայացման ատեն համայնքի կիները պահանջած են, որ իրենք եւս մաս կազմեն անոնց, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ հետաքրքրութիւն կայ:

Յատուկ Ուշադրութիւն` Սահմանը Նոր
Եւ Արդիական Սարքերով Օժտելու

8 յունուարին հանրապետական հաւաքակայան այցելութեան ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ըսած է, որ արդիական համակարգով սահմաններու զինումը մնայուն հոլովոյթ է, որ չունի սկիզբ ու աւարտ` հաստատելով, որ այս հոլովոյթը բանակի հրամանատարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան մնայուն հսկողութեան տակ կը գտնուի:

«Որքան կահաւորուած ըլլայ առաջնագիծը, այնքան սահմանէն  ներթափանցման հաւանականութիւնը քիչ կ՛ըլլայ: Մենք ապրիլէն ի վեր կը տեսնենք, որ այդ երեւոյթը կ՛ապացուցուի փաստերով, փորձերու  ներխուժման թիւերով եւ անոնց արձագանգման ուղղուած քայլերով», յայտնած է Վիգէն Սարգսեան:

Տօնական օրերուն սահմանին մէջ իրավիճակը եղած է յարաբերաբար աւելի հանդարտ: Այդ չի նշանակեր, որ զինադադարի խախտման դէպքեր չեն արձանագրուած, որովհետեւ հակառակորդը կը շարունակէ պարբերական կրակ արձակել:

Ըստ նախարարին, Հայաստանի ղեկավարութեան քաղաքական մօտեցումը այն է, որ զինադադարի խախտման որեւէ մօտեցում միջազգային պարտաւորութեան խախտում է, եւ անոնց պէտք է տրուի քաղաքական արժեւորում ու արձագանգ:

 

Նախորդը

Հռոմի Պապին Նուիրակը Փորձած Է Կասեցնել Ցեղասպանութիւնը. Գիրք` Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներու Հիման Վրայ

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անդրադարձած Է Համանախագահներու Յայտարարութեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.