3-էն 4 յունուար լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, որոնց կարգին` արձակազէն հրացաններէ, զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 40 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 700 կրակոց:
Բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները պատասխան գործողութիւններու չեն դիմած: Շփման գօտիի ամբողջ երկայնքով հայ սահմանապահները կը շարունակեն ամենայն վստահութեամբ իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ապահովել սահմանագիծի պաշտպանութիւնը: