Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ` ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ- Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ

October 10, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտեան, Ազգային «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի մեծ ընտանիքը դիմաւորեց կրթական տարեշրջանի վերամուտը: Այդ առիթով աշակերտները  ծաղկեպսակ զետեղեցին Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակներու յուշակոթողին առջեւ, ապա ուղղուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցի` հաղորդութիւն ստանալու:

Եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ծխատէր քահանային, Այնճարի քաղաքապետին, մարմիններու ներկայացուցիչներուն, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան ու ծնողներուն, տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որուն գեղարուեստական բաժինը վստահուած էր աշակերտներու մատուցելիք երգին, պարին, ասմունքին, սրտագին բարեմաղթութիւններուն` արտայայտելու իրենց կարօտն ու սէրը, պերճանքն ու հպարտութիւնը վարժարանին նկատմամբ:

Բացման խօսքը արտասանեց ԺԲ. դասարանէն Մեղրի Քէնտիրճեան, որ ապրումներու ու զգացումներու ընդմէջէն նկարագրեց վերամուտը, գրասեղաններու «ետին» թաքնուած աշակերտական առօրեայ մտածումներն ու մտահոգութիւնները, ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը եւ հրաւիրեց բոլոր աշակերտները` աշխատանքի բարձր կորովով սկսելու տարեշրջանը:

«Զգացումներ եւ ապրումներ, որոնք հաստատ կենդանի պիտի պահեն մեր մէջ մեր դպրոցը, այս վսեմագոյն կրթական օճախը, որ զօրացուց անկեղծութիւնը մեր սրտերուն մէջ, ամրապնդեց ազգայինը եւ մարդկայինը մեր նկարագիրին մէջ, տուաւ մեզի կամքը գիտակցօրէն տէրը կանգնելու մեր ազգային արժէքներուն, որպէսզի հաստատ ու անխափան մտածելակերպով յաղթահարենք կեանքի ամէն դժուարութիւն», ըսաւ Մ. Քէնտիրճեան:

Այնուհետեւ նախակրթարանի Զ. դասարանէն Լիլիթ Աբրահամեան մեներգեց «Դպրոցի ճամբան», որ արժանացաւ բարձր գնահատանքի:

Մանկապարտէզի ծաղիկ դասարանի աշակերտներ օրուան թեմային առնչուող արտասանութեամբ հանդէս եկան, ապա Ծիլ դասարան արձանագրուած նորեկ աշակերտները հրաւիրուեցան բեմ` մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեանի ձեռամբ ստանալու իրենց բարի գալուստի յիշատակի նուէրը:

Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ Ե.-Զ. դասարաններու աղջիկներու պարային ելոյթով, որ վերամուտի խանդավառութեամբ յագեցած էր:

Նախակրթարանի ընդհանուր հսկիչ Խաչիկ Գառնէշեան հրաւիրեց նախակրթարանի Ա. դասարանի աշակերտները, որոնց եւս յանձնեց յիշատակի նուէրներ:

Պետական քննութիւններուն յաջողած աշակերտներուն անունով խօսք առաւ Ժ. դասարանէն Վարագ Տիւքէնճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ մանուկի մտային զարգացման հանգրուանները վարժարանին մէջ, որուն անփոխարինելի ազդեցութիւնը դրականօրէն կ՛ազդէ մարդակերտման հոլովոյթին մէջ, եւ մասնաւորելով հայ վարժարանի վստահուած դերը` ըսաւ. «Հայ դպրոցին վստահուած է մտային, մարմնական, ընկերային ու հոգեբանական կրթութեան կողքին զբաղիլ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ, դառնալով հայ մարդու կերտիչ եւ հայ ազգի յաւերժութեան գրաւականը»:

Ապա, Վ. Տիւքէնճեան անդրադառնալով հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման համար տարուած աշխատանքներուն` դիտել տուաւ, որ զօրաւոր կամքը, յարատեւութիւնն ու անդուլ աշխատանքը կ՛առաջնորդեն դէպի յաջողութիւն. այս առթիւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` առաւելագոյն չափով զինուելու ազգային այս հնոցին մէջ:

Աշակերտական խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցան 2010-2011 տարեշրջանին պետական քննութեանց յաջողած Թ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները, որոնք ստացան վարժարանիս գնահատագիրը` ձեռամբ ծխատէր քահանայ հօր, քաղաքապետին, տնօրէնին, խնամակալութեան ատենապետին եւ վաստակաշատ նախկին ուսուցիչներու` Վերգինէ Այնթապեանի, Կիրակոս Քիլեճեանի եւ Եսայի Հաւաթեանի:

Վարժարանիս տնօրէն Արմէն Թաշճեան առաջին զանգի հնչեցումը կարեւորեց իբրեւ ազդանշան ազնիւ ու բարեբեր աշխատանքի: Ան ընդգծեց Վերֆելեան դասը իբրեւ մեծագոյնն ու մշտանորոգը բոլոր դասերուն. «Այսպէս, այս դասով հիմնարկէքը կը կատարենք այս տարեշրջանին եւ կը դաւանինք ըլլալ հերոսամարտի դպրոց»: Ան վարժարանը նկատեց Մուսա Լերան ժողովուրդի պայքարին արքասիքը եւ ամենակենսունակ կռուանը նոյն պայքարին:

Վարժարանը ազգի վերապրումի ու գոյատեւման հարազատ վայրն ու միջոցը ըլլալով` տնօրէնը նշեց հաւաքական յիշողութեան առթած դասերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաղորդուիլ ու սնունդ ստանալ պատմութեան էջերէն, չխարխափելու համար անհատականութեան կազմաւորումին մէջ:

Վերանկախացած Հայաստանի քսանամեակին առիթով տարեշրջանի յաւելեալ յանձնառութիւնը նշելով` տնօրէնը յայտնեց, որ փոխադարձ զոհողութեամբ կարելի եղած է վարժարանին մէջ ունենալ գեղարուեստի պատասխանատու` վաստակաշատ արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան` հայրենիքի շունչով ջերմացնելու աշակերտական կեանքի մշակութային գործունէութիւնը:

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարանիս նեցուկ կանգնող բարերարներուն, որոնք նիւթական թէ բարոյական քաջալերանքով խթան կը հանդիսանան աշակերտութեան ջանասիրութեան: «Աշխատանք մը, որ իր նպատակին իսկ բերումով կ՛ենթադրէ բծախնդիր ու հաւաքական պատասխանատուութիւն, ինչպէս նաեւ նոյն գիտակցութեամբ բազմաշերտ գործակցութիւն բոլոր ուղղութիւններով…», ըսաւ տնօրէն Ա. Թաշճեան:

Ան եզրափակեց իր խօսքը վարժարանը նմանեցնելով ծառի մը, որուն խորունկ ու ամուր արմատը կ՛ապահովէ անոր ծաղկումը: Իբրեւ այդպիսին, ան հրաւիրեց բոլորը հաւաքական ջանքերով առաւել արմատացնելու ու ճիւղաւորելու այս ծառին ծաղկումը, որպէսզի վարժարանը իւրաքանչիւր եղանակի ընթացքին ծաղկունքի նո՛ր գարուն մը ապրի` «քաղցրահամ բերքի առատութեամբ»:

Տնօրէնը բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին ու բացուած յայտարարեց 2011-2012 տարեշրջանը:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք փաուըր-փոյնթի միջոցաւ ցուցադրուեցաւ նախորդ տարուան աշակերտական գործունէութիւնը, որուն ուշի-ուշով հետեւեցան ներկաները:

Այնուհետեւ երկրորդականի ԺԱ. դասարանէն աշակերտներ Ալին Կէօքճեան եւ Արին Պուրսալեան ասմունքեցին հատուածներ կարգ մը բանաստեղծութիւններէ: Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ քոլեճի աղջիկներու պարային ելոյթով:

Նախորդը

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ԱՅՆՃԱՐ. ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Յաջորդը

«ԳՈՂԱՑՈՒԱԾ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ ԱՌԳՐԱՒՈՒԵԼ ԵՆ ՎԱՃԱՌՔԻ ՊԱՀԻՆ ՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵԼՈՒ ԵՆ Ս. ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ՎԱՆՔ. ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.