
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ ողջունեց միւֆթի Շաարը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` հաստատելով, որ Զղարթան Թրիփոլիի շարունակութիւնն է:
«Հիւսիսը լիբանանեան ազգային միասնականութեան հիմքն է: Երբ բոլորը կը միտէին Լիբանանը փոքր պետութիւններու մասնատել, հիւսիսային Լիբանանը միշտ միացած կը մնար` ապահովելով Լիբանանի միասնականութիւնը», շեշտեց Ֆրենժիէ:
Իր կարգին, միւֆթի Շաար յայտնեց, որ իր նպատակն է հիւսիսային Լիբանանը վերածել ընտանիքի մը` զայն կոչելով Լիբանանի հիւսիսը:
Միւֆթի Շաար հաստատեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը:


