Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ն Ու Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունեն Նոր Կառավարութեան Կազմութիւնը` Յուսալով, Որ Անիկա Կը Լծուի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կազմակերպման

December 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mogerini_121919

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը` այս առիթով շնորհաւորելով վարչապետ Սաատ Հարիրին: Ան յորդորեց լիբանանեան քաղաքական գործիչները ազգային միասնականութեան մթնոլորտի մէջ գործելու, կառուցողական աշխատանք տանելու` յոյս յայտնելով, որ նոր կառավարութիւնը կ՛երաշխաւորէ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաջող կայացումը` սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին: Քի Մուն դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ հետամուտ է նոր կառավարութեան հետ գործակցելու եւ աշխատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան մակարդակի վրայ առկայ քաղաքական, ապահովական եւ մարդկային ամէն տեսակի մարտահրաւէր շրջանցել, ընկերային ու տնտեսական կացութիւնը բարելաւել: Ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի փափաքն է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին գործադրութիւնը, նաեւ` ասոր հետ առնչութիւն ունեցող այլ որոշումներու, որոնք կարեւոր են Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան համար:

Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի շնորհաւորեց վարչապետ Սաատ Հարիրին` լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ ասիկա հիմնական առանցք է ընթանալու այն ուղիով, որ Լիբանանը պիտի առաջնորդէ պետական կառոյցները լիբանանեան տնօրինումով գործելու փուլ` աւելցնելով, որ ասիկա պիտի հանդիսանայ արտացոլացումը լիբանանեան բոլոր կողմերուն այն պատասխանատուութեան եւ լայնախոհութեան, որով կը յատկանշուի լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը:

Այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Ֆետերիքա Մոկերինի նշեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը կ՛ակնկալէ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը շարունակեն գործել կառուցողական այս ոգիով եւ ազգային միասնականութեան մթնոլորտի մէջ` վերահաստատելով լիբանանեան անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը` սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մնայուն կառչածութիւնը միջազգային որոշումներուն, յատկապէս թիւ 1701 որոշումին գործադրութեան: Ան հաստատեց, որ լիբանանցիներն ու միջազգային ընտանիքը մեծ յոյս կը կապեն նոր կառավարութեան, որուն յաջողութիւնը կախեալ է անոր կարողութենէն` երկրին դիմաց ցցուած բազում մարտահրաւէրները յաջողութեամբ շրջանցելու` դիմելով ընկերային եւ տնտեսական համապատասխան անհրաժեշտ քայլերու: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատարին համաձայն, կառավարութեան յառաջիկայ մեծագոյն քայլը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամկէտին կատարելը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի հաստատեց, որ կառավարութեան ուսերուն պիտի դրուի երկրի պետական կառոյցներուն մէջ թափանցիկ, ժողովրդավար եւ օրինական հոլովոյթներու ու գործունէութեան ապահովման պատասխանատուութիւնը` դիտել տալով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանի կողքին ըլլալ եւ այս առնչութեամբ համապատասխան համագործակցութեան քայլերու դիմուած է արդէն: Անոր համաձայն, Միութիւնը պիտի շարունակէ գործել Լիբանանի հետ` աւելի կայուն, ժողովրդավարական, խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ երկիր մը ունենալու նպատակով, մանաւանդ որ շրջանը վտանգաւոր բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման է, յատկապէս` Սուրիան:

Նախորդը

Ժեմայէլ. «Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերը Յաջողած Են Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Բնաւ Մեզի Չի Նմանիր»

Յաջորդը

Պասիլ Սիսիին Յանձնեց Նախագահ Աունէն Նամակ Մը

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.