«Եուրոսփորթ» կը տեղեկացնէ, որ գերմանական «Մերսետես» ընկերութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, մտադիր է 2017 տարեշրջանին խումբէն հեռացած գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկին փոխարէն կազմին միացնել սպանացի Ֆեռնանտօ Ալոնսոն:
«Մերսետես»-ի պատասխանատու Թոթօ Վոլֆ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Կը շարունակենք լրջօրէն քննարկել Ալոնսոյի թեկնածութիւնը: Նկատի ունենալով, որ ան պայմանագրութիւն մը ունի ստորագրած «Մաքլարըն»-ի հետ, պէտք է հասկնանք ատիկա եւ անոր համեմատ պայմանաւորուինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է բանակցութիւններ կատարենք»:
Նշենք, որ «Մաքլարըն»-ի պատասխանատուն չի բացառեր սպանացիին հեռացումը:
Այլ գետնի վրայ, Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը («ՖԻԱ») հրապարակեց 2017-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան յայտագիրը, որ կը բաղկանայ 20 հանգրուաններէ:
Տարեշրջանը պիտի սկսի 26 մարտին` Աւստրալիոյ կրան փրիով (Մելպուրն) եւ պիտի աւարտի 16 նոյեմբերին` Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ (Եաս Մարինա):
Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանի կրան փրին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 յունիսին եւ նկատի առնուած է իբրեւ Եւրոպայի կրան փրի, պիտի կատարուի Պաքուի մէջ: