«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Քուպայի յեղափոխութեան ղեկավար Ֆիտել Քասթրոյի վերջին հրաժեշտի արարողութեան պիտի մասնակցին շուրջ երեսուն միջազգային ղեկավարներ` Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:
Կը նշուի, որ անոնց շարքին պիտի ըլլան Վենեզուելայի, Պոլիվիոյ, Էքուատորի, Նիքարակուայի, Քոլոմպիոյ, Փանամայի, Մեքսիքի, Հարաւային Արփիկէի Հանրապետութեան, Զիմպապուէի, Հասարակածային Կինէի, Նամիպիոյ եւ Քապօ Վերտէի նախագահները:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ եւրոպական երկիրներէն պետական բարձր մակարդակով ներկայացուած պիտի ըլլայ միայն Յունաստանը: Յայտնի է, որ երկրի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս մտադիր է մասնակցիլ Քասթրոյի հրաժեշտի արարողութեան:
Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Պարաք Օպամա ու Վլատիմիր Փութին պիտի չմասնակցին յուղարկաւորութեան արարողութեան:
25 նոյեմբերին մահացած էր Ֆիտել Քասթրոն: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4 դեկտեմբերին: