Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԱՅՐ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ԿՆՈՋ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ԵՒ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ

October 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Այր մարդու եւ կնոջ մտածելակերպի եւ վարուելակերպի տարբերութիւնները» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր հոգեբան Երուանդ Ռոպեր Գարագաշ:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին կողմէ արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ դասախօսութեան նիւթը: Մկրեան յիշեց նաեւ գիտելիքներու ու բացատրութիւններու անհրաժեշտութիւնը` կանխարգիլելու համար տարբեր տարակարծութիւններ, որոնք կը ծագին այրերու եւ կիներու միջեւ փոխյարաբերութեան ընթացքին` պատճառ դառնալով բաժանումի եւ ամուսնալուծման:

Դասախօսը սկսաւ բացատրելով, թէ ինք պիտի ըլլայ գործնական իր ներկայացման մէջ, պարզապէս լաւապէս բացատրելու տուեալ նիւթը: Այն տեսութիւնը կայ, թէ տարբեր մոլորակներ կ՛ազդեն այր մարդու ու կնոջ վրայ, բայց ոչ փաստուած տուեալներով:

Հոգեբանը յաջորդաբար յիշեց շարք մը տարբերութիւններ, որոնք ակնյայտօրէն կը յատկանշուին:

Աստուածաշունը կ՛ըսէ թէ այր եւ կին ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին համաձայն, շարունակելով` բնութիւնն ալ նոյնը կը բացատրէ. վերին ու ստորին դասակարգ գոյութիւն չկայ, այլ զիրար ամբողջացնող հասկացողութիւն մը կը շեշտուի:

Եթէ Ֆիզիքական տուեալները նկատի ունենանք, այր մարդը կը յատկանշուի իր մկաններով, իսկ կինը` իւղերու գոյութեամբ: Այր մարդը աւելի ծանր գործերու եւ աշխատանքներու պատրաստ է, իսկ կինը` աւելի տնային, նուրբ աշխատանքներու տրամադրուած:

Շարունակելով նիւթին ներկայացումը` դասախօսը բացատրեց, թէ այր մարդուն մօտ` բանականութիւնը աւելի շեշտուած է, իսկ կնոջ մօտ` զգացականութիւնը: Ահա տարբեր, բայց զիրար ամբողջացնող տուեալներ: Հարցերու նկատմամբ տարբեր միջոցներով, ձեւերով, մօտեցումներով բայց նոյն արդիւնքին հասնող տուեալներով: Կիներ կ՛ըլլան աւելի կրաւորական, մինչ այր մարդիկը` նախաձեռնող:  Դասախօսը յիշեց նաեւ մշակոյթի ու դաստիարակութեան ազդեցութիւնը. անոնք մեծ դեր ունին այր եւ կնոջ տարբերութիւններուն մէջ:

Բնութիւնը յստակօրէն մեզ տարբեր օրինակներով կը հաստատէ այր եւ կնոջ փոխյարաբերութիւնը, ու Աստուածաշունչը այդ մէկը ճշմարտօրէն կը բացատրէ: Օրինակ` կինը բնածին կերպով աւելի հնազանդ է,  միշտ յարող աւելի հեղինակաւոր անձի: Շարունակելով վերոյիշեալ նիւթը` Գարագաշ նշեց, որ կինը աւելի քիչ կ՛արտայայտուի, քան այր մարդը:

Դասախօսը ներկայացնելով խաղալիք քիուպերու օրինակը, ըսաւ, թէ երբ իգական սեռին տանք անոնք , պիտի փորձէ կլոր, շրջանակի շարել, նմանցնելով արգանդի, կամ զինք պաշտպանող խորհրդանիշի:

Իսկ տղան այդ խաղալիք քիուպերով պիտի փորձէ կառուցել աշտարակ` նմանցնելով առնանդամի, հաստատուն բարձր կառոյցի մը` խորհրդանշելով իր արկածախնդիր նկարագիրը:

Հարցադրում մը կատարելով, թէ վերոյիշեալ բոլոր տուեալները ինչի՞ ազդեցութիւն են, բնութեա՞ն, մշակոյթի՞, թէ՞ դաստիարակութեան Գարագաշ ըսաւ, թէ դժուար է ճիշդ կողմնորոշուիլը, մասնագէտներ կը փորձեն այս բոլորը բացատրել համեմատութիւններով , բայց ոչ վերջնական տուեալներով:

Նախքան արբունքի շրջանը, տարբերութիւնները եւ զանազանութիւնները տղու եւ աղջկայ միջեւ այդքան ակնյայտ չեն , բայց արբունքէն ետք տարբերութիւնները աւելի կը շեշտուին, ուր թեսթոսթերոնի բարձրացումով անհատը կը յատկանշուի առնական յատկութիւններով, իսկ էսթրոժենի բարձրացումով` իգական յատկանիշերով:

Ֆիզիքական տարբերութիւնները, սակայն, զիրար ամբողջացնող տուեալներ են:

Վերջին բաժինով հոգեբան Ռոպեր արագաշ նշեց տարբեր համեմատութիւններ` բացատրելով, թէ 90 առ հարիւր այր եւ կին նման են իրարու, իսկ 10 առ հարիւր` տարբեր: Շարունակելով նիւթը ներկայացումը` յիշեց, թէ այրը 80 առ հարիւր ունի այր մարդու յատկանիշեր, իսկ 20 առ հարիւր` կնոջ: Հակառակը պէտք է պատկերացնել կնոջ պարագային:

Հետեւաբար, ամբողջական բաժանումներ չկան այր եւ կնոջ միջեւ եղած տարբերութիւններուն ու նմանութիւններուն:

Իբրեւ եզրակացութիւն, դասախօսը պատասխանելէ ետք ներկաներու հարցումներուն յիշեց, թէ վերոյիշեալ տարբերութիւնները պէտք է ըլլան միջոցներ զիրար լաւ հասկնալու եւ համերաշխ ընկերութիւն մը կազմելու:

 

Նախորդը

ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՆՈՒՇ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԾԻՆ ՈՒ ՍՏԱՊԱՏԻՐ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.