Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Չի Բացառեր Եւրոպական Միութեան Փոխարէն Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամակցելու Կարելիութիւնը

November 21, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

erdogan_112016

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան «պէտք չէ մտասեւեռի» Եւրոպական Միութեան միանալու վրայ, եւ կը սերտէ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամակցելու կարելիութիւնը:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Ուզպեքիստան ուղեւորութեան ժամանակ իրեն ուղեկցող լրագրողներուն յայտնած է. «Թուրքիան նախ եւ առաջ պէտք է ինքզինք հանգիստ զգայ Եւրոպական Միութեան (անդամակցութեան) հարցին առնչութեամբ»:

«Ոեւէ մէկը կրնայ զիս քննադատել, սակայն ես կը յայտնեմ իմ կարծիքս», ըսած է ան` աւելցնելով. «Օրինակ, ես կ՛ըսեմ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիան չի կրնար տեղ գրաւել «Շանկհայի հնգեակ»-ին մէջ»:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ «շատ աւելի յարմար պիտի ըլլայ» աշխատիլ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան կազմին մէջ, երբ Եւրոպական Միութիւնը արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր կը ձգձգէ երկրի անդամակցութեան հոլովոյթը:

Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիա կրնայ յաջորդ տարի կատարել հանրաքուէ Եւրոպական Միութեան միանալու ձգտումի անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ:

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ են Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը, Չինաստանը, Ռուսիան, Տաճիկիստանը եւ Ուզպեքիստանը: 2015-ին սկսած է Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի անդամակցութեան ընթացակարգը: Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան դէտի կարգավիճակով անդամներ են Աֆղանիստանը, Պիելոռուսիան, Իրանը եւ Մոնկոլիան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Բանակցութիւններու Նոր Փուլ` Նուիրուած Կիպրոսի Տագնապի Լուծման

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.