Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՄԵՆԱԿԸ ԵՐԲԵՔ ԱՅՍՔԱ՜Ն ԶԱՅՐԱՑԱԾ ՉԷԻ ՏԵՍԱԾ

October 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս ընթացքով Արմենակ Կեդրոնականցին ստուեր պիտի ձգէ Տոն Քիշոթի վրայ:

Գաղտնիք է, թէ ինչպէ՞ս ան տեղեակ կ՛ըլլայ, կամ` ներկայ, խայտառակութիւններու, որոնք մեզ ամէն օր քիչ մը աւելի կը հրեն դէպի խորխորատ:

Կ՛ըսէ, կը վիճի, բայց Տէր Զօրի աւազներուն վրայ դէպի մահ գացող խլեակներուն նմանութեամբ, կրաւորականութեամբ կ՛ընթանանք դէպի օտարում, օտարացում, այլասերում: Կը շիջին` լեզու, մշակոյթ, իրաւունքի գիտակցութիւն:

Նաեւ` խաւար դարերուն ազգը պահած արժէքներ:

Ականջալուր եւ ականատես եղած էր Արմենակ:

Եկեղեցին, հայկական մեծ տօնի մը առիթով, գոհաբանական մաղթանք կատարած է:

Երկու տասնեակ ազգայիններ միայն ներկայ եղած են:

Արմենակ պատմեց:

Գոհաբանական մաղթանքը աւելի յուզիչ էր դատարկ եկեղեցիին մէջ: Կամարները կ՛արձագանգէին: Գլխիկոր դուրս եկայ եկեղեցիէն: Ազգային ջոջ մը իր ինքնաշարժին մէջն էր, բայց եկեղեցին չէր, բարեւեց: Հրաւիրեց, որ իրեն ընկերանամ, եթէ ժամանակ ունէի, ուրիշ ջոջի մը գրասենեակը երթալու: Ազգը ներկայացնելու իրաւունք ունեցող այդ ինքնակոչիկն ալ չէր եկած գոհաբանական մաղթանք լսելու: Հասանք: Ջոջը բացայայտ կերպով ուրախ չէր: Ի հարկէ խօսեցանք գոհաբանական մաղթանքին ներկաներու չնչին թիւին մասին:

Իր գրասեղանին ետին նստած փքուած ջոջին հարց տուի, թէ ինչո՞ւ բացակայած էր, եկեղեցի չէր եկած:

– Ի՞նչ բան է այդ ըսածդ: Կ՛արժէ՞ անոր համար տեղափոխուիլ: Տէրտէրները եթէ կ՛ուզեն, թող երգեն, բայց ինչո՞ւ մարդիկ գործ-բան ձգած, աշխատանքի ժամերուն, պիտի երթան եւ նոյն կրկնութիւնները լսեն, մանաւանդ որ ո՛չ քաղաքապետ, ո՛չ ալ երեսփոխան ներկայ կ՛ըլլան: Երեկոյեան ճաշկերոյթին պիտի երթամ, քաղաքապետն ալ պիտի գայ:

– Բայց չէ՞ք կարծեր, որ մեր համախումբ ներկայութիւնը կ՛արժեւորէ մեր համայնքը եւ մեր եկեղեցին,- ըսի իմ կարգիս:

– Պոֆ, պարոն Արմենակ: Եթէ ես չգացի եկեղեցի, թող եկեղեցին հոս գայ: Պարապ բաներով ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել:

Այլեւս չէի կրնար մնալ: Ոտքի ելայ եւ ժամադրութիւն մը առարկելով` հեռացայ, երկու ջոջերուն զարմանք պատճառելով:

Հիմա վարդապետին եւ քահանային, եւ աւելի վեր, պիտի առաջարկեմ, որ ամէն անգամ որ գոհաբանական մաղթանք ուզեն կատարել, տնօրհնէք կատարելու պէս, ջոջերու գրասենեակները պտըտին…

Շաբաթ մը վերջ, երբ պատահմամբ հանդիպեցայ առաջին ջոջին, որ զիս տարած էր երկրորդ ջոջին քով, ան իր զարմացումը յայտնեց թէ ինչո՞ւ այդպէս չոր ու կտրուկ ձգած գացած էի:

– Որպէսզի այդ քու ինքնակոչիկ ջոջդ չապտակեմ եւ երեսին չթքնեմ… որպէսզի հասկնայ որ գոհաբանական մաղթանքը տնօրհնէք չէ փոխան արծաթի:

Ջոջս հիմա քովէս կ՛անցնի եւ բարեւ չի տար… Պո՜ֆ…

Երբ Արմենակ լռեց, բուռն փափաք ունեցայ զինք ճակատէն համբուրելու:

ՄԱԿԱՐ, ի Գաղիա

Նախորդը

ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳԻ ԻՆՔՆԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ. ԲԱՂՁԱԼԻԻՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻԻՆ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐՏՂՆՈՒԱԾ… ԱՆՅԱՅՏՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԿԵԱՆՔԸ ԳԵՂԵՑԻԿ Է: ՆԿԱՏԵԼ Է ՊԷՏՔ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.