Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՄԵՐ ՑԱՒԵՐԸ. ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒԺԸ Ո՞ՒՐ Է, ԿԱՅ ԹԷ՞` ՉԿԱՅ ՊԷՏՔ Է ԹԷ՞` ՈՉ

October 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Մարդո՛ւժ:

Ահաւասիկ շատ ընդհանրական հասկացողութեամբ, բայց խիստ մասնաւորական իմաստաւորումով բառակապակցութիւն մը, որուն մէջ ներպարփակուած է ամբողվջ իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի այսօրուան, վաղուան հաշուոյն:

Այս օրերուն որքա՜ն կը խօսուի մարդուժի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, աշխատունակութեան եւ արդիւնաւէտութեան, մեր պարագային, հայ մարդուժին, հայ մտաւորական մարդուժին մասին:

Շատեր խիստ լրջութեամբ կը մօտենան հայ հարցին, ուրիշներ` թեթեւամտութեամբ, ոմանք ալ` անտարբերութեամբ, սակայն, ինչո՞ւ այս հեռաւորութիւնները, անյարիրութիւնները կամ հակասութիւնները:

Պատասխանները կրնան ըլլալ այլատեսակ կամ բազմաբնոյթ, սակայն իրենց հրատապութենէն ոչինչ կը կորսնցնեն, այնքան ատեն որ հայ մտաւորական մարդուժին կենսունակութիւնն ու նպատակասլացութիւնը, հայ իրականութեան կու տան վերանորոգութեան ու բարեկարգութեան լիցք ու մղում, միանգամա՛յն:

Պէտք է ըլլալ արդար եւ առարկայական:

Այսօր հայ մտաւորական մարդուժի, չափազանցած չենք ըլլար, զգալի նուազում կամ անկում կայ բոլոր մարզերէն ու կալուածներէն ներս, որ կրնայ ըլլալ ենթակայական, պարագայական, պարտադրական եւ, ինչո՞ւ ոչ, կամայական:

Նախ` յստակացնե՛նք:
Ո՞ւր չկայ մտաւորական մարդուժի տագնապ:
Ստեղծագործողներո՞ւ մօտ:
Մանկավարժներո՞ւ մօտ:
Ազգային գործիչներո՞ւ մօտ:
Մամուլի ծառայողներո՞ւ մօտ:
Կազմակերպութիւններո՞ւ մօտ:
Արուեստի մասնագէտներո՞ւ մօտ:

Այս բնագաւառներէն ներս (նաեւ այլ եւ յարակից) կա՛մ մարդուժի մտահոգիչ պարապութիւն մը, ոչ թէ անոր համար, որ չկան կամ չունինք այդ ասպարէզներէն ներս մասնագէտ, արհեստավարժ ու կարող ուժեր, այլ` մե՜ծ ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ, ինչպէս`

– Հովանաւորութիւն (տուեալ միաւորին)
– Հոգատարութիւն (պատկան կազմակերպութեան)
– Պաշտօնակոչութիւն (յարմարագոյն թեկնածուին)
– Վարձատրութիւն (գոհացուցիչ ընտրանքին)
– Անաչառութիւն (զօրակցելու լաւագոյնին)
– Պատրաստութիւն (հերթափոխի սերունդին)

Եթէ այս թուարկումները կ՛ընդգծուին վերոյիշեալ բաժանումներով ու պայմանական են, պարզապէս անոր համար, որ հայ իրականութեան մէջ, երիտասարդ մարդուժը ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուի, ո՞ւր պիտի գործէ եւ ի՞նչ արդիւանաւէտութեամբ:

Անգամի մը համար պէտք է նայիլ մեր չորսդին, հոս կամ հոն, նոր սերունդին, համալսարանաւարտ սերունդին, ի՞նչ օրինակ կը մատուցուի անոր, ի՞նչ երաշխիք կը տրուի, ի՞նչ ապագայ կը խոստացուի, որ ան հրապուրուի հայ ազգային կեանքին մէջ ներդրուելէ, նետուելէ ու… ներխուժուելէ:

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին հայ մարդուժի նուիրեալները, իրենց մասնագիտութեամբ, արհեստավարժութեամբ ու կարողականութեամբ, երբ`

– Ստեղծագործողները կը խամրին
– Մանկավարժները կը նօսրանան
– Ազգային գործիչները կը շահագործուին
– Մամուլի ծառայողները կ՛անգոսնուին
– Կազմակերպութիւնները կը տժգունին
– Արուեստագէտները կը լուսանցքուին

Սխա՞լ են այս մատնանշումներն ու վերագրումները:

Հակառակը փաստող որեւէ տրամաբական գործօններ հազիւ թէ գտնուին:

Ինչո՞ւ այս բացարձակախօսութիւնը եւ բարձրախօսութիւնը:

Շա՜տ պարզ:

– Հայ ստեղծագործական միտքը կը քաջալերուի՞:
– Հայ մանկավարժը կը գնահատուի՞:
– Հայ ազգային գործիչը կը վարձատրուի՞:
– Հայ մամուլի ծառայողը կը պատրաստուի՞:
– Հայ կազմակերպութիւնը կը վերանորոգուի՞:
– Հայ արուեստագէտը կ՛արժեւորուի՞:

Այս բոլորի փոխարէն, գիտէ՞ք` ինչեր կ՛արձանագրուին.

– Միջակութիւններ (կը դեգերին)
– Հաճոյախօսներ (կը շրջագային)
– Անցողիկներ (կը նշմարուին)
– Արկածախնդիրներ (կը գործեն)
– Պատեհապաշտներ (կը պարզուին)
– Ցեցեր (կը յայտնուին)

Ասկէ վերջ, ո՞ւր պէտք է փնտռել մարդուժը, մտաւորական թէ գործող մարդուժը, որ հայ իրականութեան պիտի տայ ապրելու ու վերապրելու, գործելու ու վերագործելու, արդիւնաւորելու եւ վերարդիւնաւորելու վերելք մը:

Ներկայ դրութեամբ, մտայնութեամբ ու հոգեբանութեամբ, վստահ պէտք է ըլլալ, յոյժ դժուար է, որովհետեւ`

– Գրողները ո՞ւր պիտի արժեւորուին
– Մանկավարժները ո՞ւր պիտի հիմնաւորուին
– Ազգային գործիչները ո՞ւր պիտի գործեն
– Մամուլի ծառայողները ո՞ւր պիտի ձեւաւորուին
– Կազմակերպութիւնները ո՞ւր պիտի վերականգնին
– Արուեստագէտները ո՞ւր պիտի արտադրեն

Հարցադրումներ ու մտահոգութիւններ, ճիչեր եւ տագնապներ, մարդուժի պոռչտուք, աղաղակ, բայց, վերջին հաշուով, ո՞ւր է եւ ի՞նչ է լուծումը, երբ արտերկրի հայագաղութները սկսած են (վաղո՜ւց արդէն) տառապիլ աւանդականութեան (ան)աւանդականութենէն:

Բայց ովքե՞ր են այս անկումայնութեան պատճառ եղողները, եթէ ոչ`

– Ստեղծագործական մարզը անտեսողները
– Ուսուցչական ասպարէզը ստորագնահատողները
– Ազգային գործը արհամարհողները
– Մամուլի դաշտը փետրաթափողները
– Կազմակերպութիւնները ամայացնողները
– Արուեստագիտական աշխարհը թերագնահատողները

Իսկ այս բոլորին պատասխանատունե՞րը.

Ամէն ոք թող փնտռէ իր շրջապատին, միջավայրին ու գաղութին ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ (ան)պատասխանատուներու ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ (ան)պատասխանատուներու մօտ, որովհետեւ`

Մարդուժի մասին գեղգեղումներ շատ կան, բաց կարելի՞ է գործող սովորամոլութեամբ մարդուժ պատրաստել եւ անոր վստահիլ մարդուժային հայկականութիւն:

Ո՛վ որ այլահնարք ունի, խնդրե՛մ, թող իր տարբերակը ներկայացնէ, սկսած…:

 

 

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Յաջորդը

ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳԻ ԻՆՔՆԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ. ԲԱՂՁԱԼԻԻՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻԻՆ ՄԻՋԵՒ ՏԱՐՏՂՆՈՒԱԾ… ԱՆՅԱՅՏՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.