
Ազրպէյճանական navigator.az կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Ազրպէյճանի ճատրակի ֆետերասիոնը մտադիր է 2012-ին հիւրընկալել ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար տեղի ունենալիք մրցաշարքը:
Այս մտադրութիւնը Ազրպէյճանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Մահիր Մամետով յայտնեց ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովի, երբ վերջինս վերջերս յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Պաքու:
Ըստ վերոնշեալ կայքէջին, Մամետով Իլիումժինովին ըսած է. «Եթէ այս մրցաշարքին հայ կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան մասնակցի, անոր պետական մակարդակով անվտանգութեան երաշխիքներ պիտի տրուին»:
Նշենք, որ Ազրպէյճան այս տարի եւս ուզեց այդ մրցաշարքը հիւրընկալել, սակայն երբ Արոնեան հրաժարեցաւ Պաքու մեկնելէ, մրցաշարքը փոխադրուեցաւ Քազան Ռուսիա:


