
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Զինետին Զիտան սպանական մամուլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինք դէմ չէ այն գաղափարին, որ իրեն առաջարկուի ստանձնել Ֆրանսայի խումբի մարզիչի պաշտօնը:
«Չենք գիտեր վաղը ինչ կրնայ տեղի ունենալ: Կեանքի մէջ ամէն բան կարելի է», ըսաւ Զիտան, որ 2006-ին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշենք, որ Զիտան ներկայիս կը վարէ Ռէալ Մատրիտի թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը:


