
«Արմէնփրես»` յղում կատարելով գերմանական «Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան, կը նշէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ նախատեսուած Տրեզտընի սիմֆոնիք նուագախումբի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի «Աղէտ» խորագիրով համերգին ջնջման վերաբերեալ տուած է հետեւեալ պատճառաբանութիւնը. «Պոլսոյ մէջ 13 նոյեմբերին հիւպատոսարանի շէնքերը ազատ պիտի չըլլան»:
Գործակալութեան համաձայն, համերգը ջնջելու որոշումը տրուած է այն ժամանակ, երբ նախարարութիւնը տեղեակ դարձած է, որ համերգին մասնակցելու հրաւէրներ ուղարկուած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին եւ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Աւճըին:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ հրաւէրները ուղարկուած են առանց արտաքին գործոց նախարարութեան գիտակցութեան:
Տրեզտընի սիմֆոնիք նուագախումբը կը ծրագրէ «Աղէտ»-ը նոյեմբերին ներկայացնել Պելկրատի եւ Երեւանի մէջ: «Աղէտ» ծրագիրը բաղկացած է Զէյեթ Կետիզիօղլուի (Թուրքիա), Վաչէ Սարաֆեանի (Հայաստան) եւ Հելմութ Օհրինկի (Գերմանիա) ստեղծագործութիւններէն:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յայտարարած է, որ կը հրաժարի Եւրոպական Միութեան «Ստեղծարար Եւրոպա» ծրագիրէն, որովհետեւ ծրագիրը կ՛աջակցի «Աղէտ» նախագիծին: Նախագիծին աջակցելու մասին յայտարարած է նոյնիսկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր:
«Այս նախագիծը կը հրաւիրէ հանդիսատեսը դուրս գալու ատելութեան աշխարհէն: Ես վստահ եմ, որ միայն այն մարդիկը, որոնք կ՛իմանան եւ կը ճանչնան միւսներուն երազներն ու ողբերգութիւնները, կրնան նպաստել պայծառ ապագայի հաստատման: «Աղէտ» նախագիծը այս ճամբուն վրայ ամէնէն կարեւոր հիմնաքարն է», նշած է Շթայնմայեր:
Գերմանական մամուլը լայնօրէն արձագանգած է համերգի ջնջումին: «Տի Լատեսցայթունկ» օրաթերթը գրած է. «Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Էրտողանին հաճոյանալը կը վկայէ անոր` հասունութենէ հեռու ըլլալուն մասին: Ասիկա կը վերաբերի երկու կողմերուն: Որքան ալ դիւանագիտական ճկունութիւն ցուցաբերուի, երբ մէկ անգամ կը կտրուի լարը, դժուար է զայն վերականգնել: Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ այդ «լարերը կտրող»` հայերու բնաջնջումը Հայոց ցեղասպանութիւն որակելու քայլը ճիշդ էր: Որովհետեւ, մէկ կողմ ձգելով միւս հանգամանքները, այս ցեղասպանութեան հարցին մէջ Գերմանիան նոյնպէս պատասխանատուութիւն ունէր: Ամօթալի է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը հասունութիւն ցուցաբերելով չ՛առերեսուիր այս ամօթին հետ»:
Համերգի ջնջումին մասին իր դժգոհութիւնը յայտնած է նաեւ «Ճեներալ-Անցիկըր» թերթը: «Շարք մը բաներու առջեւ վիզ ծռելը ցաւալի է, որովհետեւ «Աղէտ»-ը լուրջ պատգամ կ՛ընդգրկէր: Արուեստագէտներուն նպատակը սադրանքը չէր, այլ` խաղաղութիւնը»:
Կատարուածին մասին սուր քննադատական յօդուած հրապարակած է նաեւ «Վոլքսշթիմէ» օրաթերթը` նշելով, որ համերգին ջնջումով Էրտողան հանգիստ խղճով հրաւիրատոմսը կրնայ նետել աղբը:
«Թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները դարձեալ ճեղք կու տան, թէեւ ակնյայտ են երկու կառավարութիւններուն` միջին եզր գտնելու ջանքերը: Սակայն Գերմանիոյ մէջ կայ ընդդիմութիւն եւ քաղաքացիական հասարակութիւն, որոնք Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձէն ի վեր սկսած ճնշումներէն ետք կ՛ուզեն վարուիլ այնպէս, կարծես ոչինչ պատահած է: Գերմանացի երեսփոխանները կ՛ուզեն այցելել «Ինճիրլիք» ռազմակայան, սակայն Թուրքիան արտօնութիւն չի տար: Իրականութեան մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է հարցին միջամտէ, սակայն Թուրքիոյ հետ վատ յարաբերութիւններ չունենալու համար ատիկա չի կատարեր», գրած է թերթը:


