Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՏԱՆ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»

October 4, 2011
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Խաղաղութիւն տան մէջ, խաղաղութիւն` աշխարհի մէջ» առածը յաճախ կը վկայակոչուի ամփոփելու համար քեմալական արտաքին քաղաքականութիւնը եւ նշելու, առաջարկելու «լուռ քաղաքականութիւնը»: Իրականութեան մէջ հանրապետական կանուխ շրջանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը դատապարտէր օսմանեան անցեալը եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի խնդիրները, դժուարութիւնները: Բայց շատ բան փոխուած է ատկէ ետք: Կը պնդուի, թէ մենք այժմ կ՛ապրինք «յետքեմալական» ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը փորձէ թարմացնել, արդիականացնել հանրապետական վարչակարգը աւելի ժողովրդավարական միջոցով եւ հետամուտ ըլլալու  «գործուն» արտաքին քաղաքականութեան մը: Այդուհանդերձ, կարիք չկայ շրջելու հանրածանօթ առածին պատգամը եւ մօտենալու «պատերազմ տան մէջ, պատերազմ` աշխարհի մէջ» խօսքին:

Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտնի «զերօ խնդիր դրացիներուն հետ» քաղաքականութիւնը շատ լաւատեսական էր եւ կտրուկ ձախողեցաւ: Այդուհանդերձ, պէտք էր հնարաւորութիւն մը ըլլար ընտրելու մեղմ միջին ճամբան, քան` այսպիսի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ տատանելու մէկ ծայրայեղութենէն միւսը: Իրականութեան մէջ անարդար է ներկայ կառավարութիւնը քննադատելը գիշերուան մը մէջ փոխարկուելուն համար` Սուրիոյ եւ Լիպիոյ նկատմամբ:

Արեւմտեան քաղաքականութեան առաջին քայլը  մերձեցման քաղաքականութենէն առճակատումի անցնիլն է Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ: Թուրքիա ոչինչ կրնայ ընել` բացի յետոյ արեւմտեան քաղաքականութեան համապատասխանելէ:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ միայն քննադատուիլ շատ միամիտ ըլլալու համար, այն պահուն, երբ երկիրը կը փորձէր յաւելեալ դերակատարութիւն ունենալու, այնքան շատ, որ ատիկա վերածուեցաւ տեսակ մը նոր-օսմանականութեան:

Թուրքիա չկրցաւ ճանչնալ շրջանային քաղաքականութեան բարդութիւնները` շատ դժուար ժամանակի մը մէջ ինքզինք մոլորեցնելով շրջանային ղեկավարութեան երազով: Բացի ատկէ, Թուրքիա կատարուած իրողութիւն սեպեց արեւմտեան զօրակցութիւնը իր գործուն արտաքին քաղաքականութեան համար: Վերջապէս, Թուրքիա գերագնահատեց իր ուժը եւ հակուեցաւ թերագնահատելու իր տկարութիւնները:

Այս ձեւով է, որ մենք սկսանք ուղղուիլ դէպի կացութիւն մը, զոր ոմանք «զերօ խնդիրներ»ու փոխարէն` «զերօ ընկերներ» կ՛անուանեն:

Բացի Իրանի հետ գալիք ճգնաժամէն եւ Սուրիոյ թթու քննութենէն, շրջանային ղեկավարութեան Թուրքիոյ ձգտումը սկսած է զայրացնել «Արաբական գարնան» մէջ մեր նոր դաշնակիցները:

Եգիպտոս ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի արգելք հանդիսանայ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Կազա այցելութեան եւ Գահիրէի «Ազատագրում» հրապարակին վրայ խօսք առնելուն:

Աւելի՛ն. ան աշխարհիկ կարգերու, ապակրօնութեան կողմնակիցներուն քննադատութեան թիրախ դարձաւ, այն պնդումով, թէ ինք դաշնակցած է Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան հետ, մինչ անոնք ասպարէզ կարդացած էին իրեն` Եգիպտոսի մէջ աշխարհիկ կարգերը պահելու մասին տուած խորհուրդին պատճառով:

Պաղեստինեան դատին «պաշտպանը» ըլլալու Թուրքիոյ ձգտումը մտահոգութեան այլ աղբիւր մըն է արաբներուն համար:

Բացի ատկէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ Թուրքիա միացաւ Լիպիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան ջանքերուն, առաջին բանը, որ Լիպիա այցելելէ ետք Էրտողան ըրաւ շատ կարեւոր, վճռական ճառ մը արտասանելն էր` թիրախ դարձնելով իր ենթադրեալ դաշնակիցները` Բրիտանական եւ Ֆրանսան, Լիպիոյ մէջ անոնց «կայսերապաշտական, աշխարհակալական» քաղաքականութեանց համար:

Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վատթարացումը այլ խնդիր մըն է, եւ ներկայիս արդէն անցած է ռէալփոլիթիքի սահմանները: Նոյնիսկ կարելի է պնդել, թէ Թուրքիոյ դիրքորոշումը սկսած է խոչընդոտ դառնալ պաղեստինեան խաղաղութեան` փոխանակ խնդիրը լուծելու: Թուրքիա այս խառնաշփոթին մէջ արեւելեան Միջերկրականին մէջ լարուածութիւնը կը սրէ` ճակատելով Կիպրոսի (եւ ուրեմն Յունաստանի, նաեւ անուղղակի կերպով` Ռուսիոյ) հետ:

Վերջինս, բայց ոչ նուազ կարեւոր հարցը այն է, թէ կը թուի, որ քրտական հարցին խաղաղ լուծումի հեռանկար չկայ երկրին մէջ: Ընդհակառակը, լարուածութիւնն ու առճակատումը սկսած են հասնիլ տագնապալի, ահազանգային մակարդակներու:

Յետքեմալական արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ ուղղուի դէպի պատերազմ եւ առճակատում, բայց կրնայ այդպէս պատահիլ, եթէ Թուրքիա անմիջապէս վերատեսութեան չենթարկէ իր այժմու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները:

ՆՈՒՐԱՅ ՄԵՐԹ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ` ՄԻ ԱՅԼ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԻՑ

Յաջորդը

ՍՆԴԱՒՈՒՄ – («ՎՐԻԺԱՌՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՐՄԵՐԸ» ՇԱՐՔԻՑ)

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.