Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՆՇՄԱՐ. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԱԶ ՄԸ, ՈՐ ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ ՉԻՐԱԿԱՆԱՑԱՒ

October 3, 2011
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին որոշում մը տուաւ, երբ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ փոխան Լիբանանի, Մաքաօ (Չինաստան) ի՛նք պիտի ըլլայ Ասիոյ փինկ փոնկի 20-րդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկիրը:

Երբ Լիբանան պաշտօնական նամակ մը ներկայացուց Ասիոյ ֆետերասիոնին, որ իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ, եւ երբ հանրապետութեան նախագահն ու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը անհրաժեշտ բոլոր երաշխիքները տուին, Ասիոյ ֆետերասիոնը հիւրընկալ նոր երկրին անունը յայտարարելու իր որոշումը ուշացուց մինչեւ նախորդ շաբաթավերջ, երբ ի վերջոյ յայտարարեց Մաքաոյի անունը:

Նմանօրինակ մրցաշարքի մը հիւրընկալումը Լիբանանի համար մեծ երազ մըն էր, որովհետեւ անիկա ցարդ այդպիսի մրցաշարք մը չէր հիւրընկալած: Երազ մը, որ դժբախտաբար չիրականացաւ, հակառակ անոր որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը այդ գծով շատ մեծ աշխատանք տարաւ:

Տարի մը առաջ էր, երբ լիբանանեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի, մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր ներկայացուց լիբանանեան թղթածրարը: Ապա, ան ուղղուեցաւ Հոնկ Քոնկ` ասիական ֆետերասիոնին վստահութիւնը առնելու համար: Վերջապէս, Ռոթերտամի մէջ (Հոլանտա) միջազգային, արաբական եւ ասիական փինկ փոնկի ֆետերասիոններու նախագահներուն դիմաց խօսք առնելով` Նիքոլա յայտարարեց ըսելով, որ «բարի գալուստ կը մաղթենք ձեզի Լիբանանի մէջ»:

Այժմ սակայն այդ բոլոր աշխատանքները, ուրախութիւնը եւ հրճուանքը ելած են ի դերեւ եւ Լիբանան մրցաշարքին պիտի մասնակցի իբրեւ հիւր:

Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերու, կամ այլ տեսակի արաբական եւ ասիական մարզաձեւեր հիւրընկալած Լիբանան ինչո՞ւ ձախողեցաւ այս մրցաշարքը հիւրընկալելու մէջ: Ի՞նչ են պատճառները, որ լիբանանեան պետութիւնը չկրցաւ նեցուկ կանգնիլ իր երկրին ֆետերասիոնին, որպէսզի անիկա յաջողի իր առաքելութեան մէջ, այնպէս ինչպէս այլ ֆետերասիոններու զօրավիգ կը կանգնի:

Որո՞նք են այն անձերը, որոնք մեծ երազի մը իրականացումը ձախողեցուցին:

Պատմութիւնը արդեօք պիտի ներէ՞ այն անձերուն, որոնք արգելք հանդիսացան մրցաշարքին Լիբանանի մէջ կայացման:

Բնականաբար լիբանանցիք, որոնք յուսախաբ եղան այս քայլէն, այժմ ոչինչ կրնան ընել, բացի Մաքաօ մեկնելէ եւ մրցաշարքին մասնակցելէ, այն յոյսով, որ կը յաջողին մետալով մը կամ տիտղոսի մը տիրանալով վերադառնալ հայրենիք:

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՓԻՒՆԻԿ – ՈՒԼԻՍ` 0-0

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 923 03/10/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.