Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ 21-23 հոկտեմբերին Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ստեփան Սարգսեանի անուան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքը:
Իր խօսքին մէջ Պաղտատեան ըսաւ, որ 1 հոկտեմբերէն հաւաքականը պիտի սկսի իր մարզումներուն` լաւապէս պատրաստուելու համար այդ մրցաշարքին:
Մարզիչին կարծիքով, ազատ ոճի բոլոր հայ ըմբիշներուն մասնակցութիւնը այս մրցաշարքին իրեն համար սքանչելի առիթ մըն է, որովհետեւ այդ ձեւով իրեն կարելիութիւն կ՛ընձեռուի լաւապէս ձեւաւորելու հաւաքականը:
Եզրափակելով իր խօսքը` Պաղտատեան ըսաւ, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն միայն Էտկար Ենոքեան եւ Միհրան Ջափուրեան, որոնք արդէն իսկ ապահոված են 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականի խաղերուն իրենց տոմսերը:


