Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵԼ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

March 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեսփոխան Ֆրենժիէ եւ Ռայի պատրիարք

Պքերքէ երէկ երրորդ օրն ըլլալով դարձաւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն, պետական անձնաւորութիւններուն, տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր միաբանութիւններուն, ուսանողներուն եւ աշակերտներուն այցելութեան վայրը, ուր բոլորը շնորհաւորեցին Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի նորընտիր պատրիարքը` անոր ընտրութեան առիթով:

Ռայի պատրիարքը նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի կողքին ընդունեց շնորհաւորութիւնները. ան մնայուն կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքին եւ իր արձակած կարգախօսը` գործակցութիւն եւ սէր, յաճախ կրկնեց` խնդրելով բոլորէն, որ մասնակցին իր աղօթքներուն, որպէսզի ան կարենայ լիբանանցիներուն բոլոր կարիքները հոգալ:

Պշարա Ռայի պատրիարքը ողջունեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը` անոր մաղթելով յաւելեալ կորով` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն. վերջինս մաղթեց, որ Ռայի պատրիարքը ականջ տայ իր բոլոր զաւակներուն եւ հաշտ ըլլայ բոլորին հետ ու արդար` բոլորին հաշուոյն:

Ֆրենժիէ ըսաւ. «Մենք ունինք մեր քաղաքական կեցուածքներն ու տեսակէտները, իսկ Պքերքէ ունի իր սկզբունքները, հետեւաբար` մենք կը յարգենք այդ սկզբունքները բոլոր պարագաներուն, սակայն միաժամանակ մենք յանձնառու կը մնանք նաեւ մեր կեցուածքներուն, ինչ որ քաղաքական համոզում է»:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ եթէ Պքերքէ փորձէ քրիստոնեայ իր զաւակները քաղաքական որոշ կեցուածքի մը շուրջ համախմբել, ապա ան սխալած կ՛ըլլայ, որովհետեւ ան մեր հոգեւոր հեղինակութիւնն է եւ անոր պարտականութիւնն է մեզի համախմբել իր հոգեւոր պատմուճանին ներքեւ եւ ոչ թէ քաղաքական պատմուճանին:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութեան:

Շնորհաւորելէ ետք Ռայի պատրիարքը` Սինիորա յայտնեց, որ նորընտիր պատրիարքը պիտի շարունակէ նախորդ պատրիարքին ուղեգիծը` նշելով, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի պաշտպանեն Պքերքէն, որ ջատագովն է ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, երեսփոխաններ Ռոպեր Ղանեմ եւ Տորի Շամուն, աշխատանքի նախարար Պութրոս Հարպ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ

շաբաթ օր պիտի սկսի հոգեւոր խոկումի շրջանի մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 25 մարտ, երբ տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի գահակալման պաշտօնական արարողութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր այցելէ Պքերքէ` շնորհաւորելու համար Ռայի պատրիարքը:

 

Նախորդը

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Յաջորդը

ՏՈՄԱՐԹԵՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։