
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին առիթով Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` ողջունած է որդեգրումը Ֆրանսայի Խորհրդարանին կողմէ նշեալ օրինագիծին, որ կը նախատեսէ ոչ միայն միջազգային ատեաններու կողմէ դատապարտուած ցեղասպանութիւններու ժխտումին պատժումը, այլ նաեւ աւելի հիներուն, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին պատժումը:
Կ՛ըսուի, թէ հինգ տարուան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Ցեղասպանութեան ժխտումին դէմ նման որոշում տալով` Ֆրանսայի Խորհրդարանը բացէ ի բաց կը դատապարտէ հայոց բնաջնջման նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մեղսակից կեցուածքը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի ուրացումով եւ ոճիրին պաշտպանութեամբ:
Ըստ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին, Ֆրանսայի Խորհրդարանը այսպիսով նաեւ կ՛արձակէ ազգային եւ միջազգային մակարդակով հզօր պատգամ մը` ցոյց տալով, թէ ներհակ են մարդկութեան դէմ ոճիրներու զոհերու յիշատակի ոտնահարումը եւ միասնաբար ապրելու սկզբունքը:
«Այս դիրքորոշումը կ՛ամրապնդէ հանրապետութեան հիմնական սկզբունքները, որոնք հիմնուած են մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին վրայ: Ան կը ստանայ խորհրդանշական վճռական արժէք ներկայ խառնափնդոր ժամանակներուն, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք իրենց արժանի պատիժներուն չարժանացած խաւարամիտ եւ ամբողջատիրական գաղափարախօսութիւնները այսօր եւս կը շարունակեն մահ սփռել ո՛չ միայն այն հողերուն վրայ, ուր այդ դէպքերը պատահեցան հարիւր տարի առաջ, այլ նաեւ մինչեւ Եւրոպա եւ մինչեւ Ֆրանսա», այս տողերով կ՛եզրափակուի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին հաղորդագրութիւնը:


