Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. 1928-2011» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ԳԻՐՔԸ, ՀԵՂԻՆԱԿ` ՊԱՏՄԱԲԱՆ, ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

October 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի մէջ արաբերէնով լոյս տեսաւ 347 էջերէ բաղկացած «Սուրիահայ երեսփոխանները Սուրիոյ խորհրդարաններուն մէջ. 1928-2011» վերնագիրով փաստագրական գիրքը:

Անիկա կը ներկայանայ իբրեւ առաջին հետազօտութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ սուրիահայութեան խորհրդարանական  կեանքը, որուն մէջ հեղինակը կը կեդրոնանայ խորհրդարաններուն մէջ սուրիահայ երեսփոխաններու ներկայութեան եւ անոնց քաղաքական կեանքին մասնակցութեան վրայ:

Գիրքը կ՛անդրադառնայ 1928 թուականի Հիմնադիր խորհուրդէն սկսեալ մինչեւ 2011 թուականի իններորդ նստաշրջանի աւարտը ընդգրկող ժամանակահատուածը:

Սոյն աշխատութեան նպատակն է ուսումնասիրել Սուրիոյ մէջ հայ երեսփոխաններուն ներդրումն ու մասնակցութիւնը` ներառելով անոնց ելոյթներն ու նամակները, որոնք առնչութիւն ունին սուրիացի քաղաքացիին հետ` մեկնելով սուրիացի ժողովուրդին շահերէն:

Մօտ տասը տարիներու երկարութեան վրայ, Արիսեան հաւաքած է իր նիւթերը` հիմնուելով հիմնականօրէն Սուրիոյ խորհրդարանի արխիւին վրայ` խորհրդարանական ատենագրութիւններ ու տեղեկագիրներ, ինչպէս նաեւ` նոյն թեման ընդգրկող արաբերէն այլ պատմական ուսումնասիրութիւններու եւ յուշագրութիւններու:

Արիսեանի հետազօտութեան իբրեւ արդիւնք` կարելի է ծանօթանալ 1928 թուականէն մինչեւ 2011 թուականը 21 հայ երեսփոխաններուն ծաւալած գործունէութեան եւ խորհրդարանական կեանքին: Յաջորդաբար երեսփոխաններն են` Միհրան Բիւզանդեան, Ֆաթհալլա Ասիուն, Նիքոլա Ճանճիկեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Հրաչ Փափազեան, Հանրի Հնտիէ (Պալապնեան), Հրանդ Սիւլահեան, Պետրոս Միլլեթպաշեան, Արտաշէս Պողիկեան, Նազարէթ Եագութեան, Մովսէս Սալաթեան, Տիգրան Չրաճեան, Ֆրետ Արսլանեան, Ապտալլա Ֆաթթալ, Լուիս Հնտիէ, Գրիգոր Էպլիղաթեան, Արամ Գարամանուկեան, Ռուբէն Տիրարեան, Լեւոն Ղազալ, Սիմոն Լիպարեան, Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան:

Գիրքը օժտուած է լուսանկարներով եւ երեսփոխաններու անձնաթուղթերով:

Սուրիահայութեան առնչութիւնը Սուրիոյ խորհրդարանական կեանքին մէջ վաւերագրելու հանգամանքը մեծ ներդրում է հայագիտութեան եւ սփիւռքագիտութեան մէջ, մանաւանդ որ գիրքը հիմնուած է սուրիական պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ սկզբնաղբիւրներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ նոր էջ մը կը համարուի Սուրիոյ խորհրդարանական կեանքի հոլովոյթին մէջ:

Նախկին երեսփոխան եւ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ խմբակցութեան նախագահ դոկտ. Ժորժ Ժապուր գիրքին մասին գրած է: «Սոյն գիրքը արժէքաւոր յաւելում մըն է խորհրդարանական մեր կեանքի մասին սուրիական գրականութեան վրայ….»:

Յիշենք, որ պատմաբան դոկտ. Նորա Արիսեանը Արաբ գրողներու միութեան անդամ է, դասախօս է Դամասկոսի համալսարանին մէջ, ունի երեք աշխատութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով եւ ութ թարգմանական գիրքեր:

Նախորդը

ՀԵՌԱՆԱԼՈՎ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԻՑ…

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.