Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Յաջորդ Տարուան Պիւտճէն` 2,9 Միլիառ Տոլար

Սեպտեմբեր 30, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

government_92916

29 սեպտեմբերին կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Հայաստանի 2017-ի պետական պիւտճէի նախագիծին: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարին յանձնարարուած է անհրաժեշտութեան պարագային նախագիծին մէջ կատարել ուղղումներ եւ ներկայացնել Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմին, ուր նախագիծի վերամշակուած տարբերակը, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին:

Ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան ներկայացուցած է 2017-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի կազմէ 1.244 եռիլիոն դրամ (առանց միջպիւտճէական փոխանցումներէ ստացուող մուտքերու) եկամուտներ, 1.395 եռիլիոն դրամ (2,9 միլիառ տոլար – առանց միջպիւտճէական փոխանցումներու) ծախսեր, պակասուրդը` շուրջ 150 միլիառ դրամ (300 միլիոն տոլար):

Հայաստանի 2017-ի ռազմական պիւտճէն 209.755.268.400 դրամ է (շուրջ 439,7 միլիոն տոլար), որմէ ռազմական պաշտպանութեան մասը` 202.046.175.100 դրամ, արտաքին ռազմական օգնութեան բաժինը` 164.647.800 դրամ:

Հայաստանի 2016-ի ռազմական պիւտճէն 208.014.971.000  դրամ է:

Անդրադառնալով պետական պիւտճէի նախագիծին` Կարէն Կարապետեան նշած է. «Մենք բաւականին կոշտ պիւտճէ կը  նախատեսենք 2017 թուականին, թիւերը կը խօսին այդ մասին: Մօտ 70 միլիառ կը նախատեսենք եկամուտներու աճ եւ մօտ 100 միլիառ` ծախսերու նուազեցում:  Այն բոլոր հարցադրումները, որ կը հնչեցնենք կառավարման, ծախսերու նուազեցման վերաբերեալ, շատ իրական են»:

Գործադիրը համաձայնութիւն տուած է նաեւ պետական պիւտճէին մէջ ներառուող 2017-ի տարեկան ծրագիրներուն, յատկապէս` սահմանամերձ շրջաններու զարգացման, Հայաստանի մէջ թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու ընկերային պաշտպանութեան եւ այլն:

2016-ի Պետական Պարտքը Կրնայ Հասնիլ Համախառն Ներքին Արտադրութեան 54,4 Տոկոսին

29 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստին ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան յայտարարած է, որ 2016-ի թուականի տուեալներով, Հայաստանի պետական պարտքը կրնայ հասնիլ համախառն ներքին արտադրութեան 54,4 տոկոսին: Երկու տարի առաջ այդ ցուցանիշը 43,7 էր:

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նշած է. «Պէտք չէ մոռնալ, որ պարտքով գումարները վերջին տարիներուն օգտագործած ենք արտաքին ցնցումներէն տնտեսութեան աջակցելու համար»:

Յիշեցնենք, որ գործող օրէնսդրութեամբ կառավարութեան պետական պարտքը պէտք չէ շրջանցէ համախառն ներքին արտադրութեան 60 տոկոսը (Կեդրոնական դրամատան պարտքը սահմանափակուած չէ):

 

 

Նախորդը

ՀՀԿ-ՀՅԴ Յուշագիրով Սահմանուած Է Կառավարութեան Տէրը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Նախարարութեան Որոշումով. Կուրծքի Քաղցկեղի Դարմանումը` Ձրի

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?