Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլայի Սանթուարիօ տէ Սան Անթոնիօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Պատարագին ներկայ գտնուած են Ֆիլիփեան կղզիներու խորհրդարանի անդամներ, Մանիլա քաղաքի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Թակուք քաղաքի քաղաքապետը, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, Հայաստան-Ֆիլիփեան կղզիներ բարեկամութեան խմբակի անդամներ: Պատարագէն ետք Մանիլայի «Ասթորիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին խօսք արտասանած են Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռայիսա Վարդանեան եւ յայտնի գործարար Ճեֆրի Նակ: Ներկաներուն տրուած է հայոց պատմութեան եւ ցեղասպանութեան մասին հակիրճ յուշագիր մը:
27 սեպտեմբերին տեղի ունեցած պատարագը խափանելու ուղղութեամբ աշխատանք տարած է Մանիլայի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսը, որ այդ հարցին առնչութեամբ կապ հաստատած է եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ եւ նշած, որ պատարագը հայերուն կողմէ կազմակերպուող քաղաքական ձեռնարկ մըն է, որ «պէտք է արգիլուի` հետագայ քաղաքական հետեւանքներէն խուսափելու համար»:
«Արմէնփրես»-ի տեղեկութիւններով, Թուրքիոյ դեսպանատունը նաեւ բողոք յղած է Ֆիլիփեան կղզիներու արտաքին գործոց նախարարութեան: