Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Տաւուշի Զինուած Ստորաբաժանումներ

September 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ohanian_davoush_92616

25 սեպտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեան աշխատանքային այցելութիւն տուած է հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած զինուած ուժերու ստորաբաժանումներ:

Ան այցելած է մարտական յենակէտեր, ծանօթացած սահմանապահ զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, ստուգած է մարտական հերթապահութեան եւ զինուորական ծառայութեան կազմակերպման ընթացքը:

Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներէն մէկուն մէջ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ծանօթացած է ընթացող շինարարական լայնածիր աշխատանքներուն: Պատասխանատու կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարները ներկայացուցած են իրականացուած աշխատանքները եւ հաստատած, որ շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան համաձայն նախանշուած ժամանակացոյցին:

Այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է նաեւ ապրիլեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած զինուորներ Բենիամին Եղոյեանի, Արմենակ Ուրֆանեանի, Սարգիս Սահակեանի եւ Վլատիմիր Ալիխանեանի ընտանիքներուն: Սփոփանքի խօսքեր ուղղելով զոհուածներուն հարազատներուն` նախարարը ընդգծած է, որ անոնց զաւակներուն սխրանքն ու անձնազոհութիւնը նորովի կ՛արժեւորուի եւ ասկէ ետք օրինակ կը հանդիսանայ երիտասարդութեան համար:

Սէյրան Օհանեան հետաքրքրուած է զոհուած զինուորներուն ընտանիքներու անդամներուն առողջական եւ ընկերային-կենցաղային խնդիրներով, նշած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը միշտ պատրաստակամ է իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու անոնց խնդիրներու լուծման:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Սէյրան Օհանեանին այցելութեան համար` զոհուած զինուորներուն հարազատները իրենց կարգին նշած են, որ նմանաբնոյթ այցելութիւնները, իրենց զաւակներուն յիշատակին նկատմամբ ուշադրութեան եւ գնահատանքի դրսեւորումները ամէնէն թանկն ու արժէքաւորն են:

 

 

Նախորդը

Մարութայ Բարձր Աստուածածին Եկեղեցին Դարձեալ Հասանելի Պիտի Ըլլայ Ուխտաւորներուն

Յաջորդը

Կարէն Միրզոյեան Տեսակցած Է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.