Նախագահ Սերժ Սարգսեանի 22 սեպտեմբերի որոշումներով` Լիլիթ Թադեւոսեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քրէական դատարանի դատաւորի լիազօրութիւններէն եւ նշանակուած է Հայաստանի վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի դատաւոր, Արսէն Մկրտչեանն ալ նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քաղաքացիական դատարանի դատաւոր, կը տեղեկացնէ նախագահի պաշտօնական կայքը: