Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Կ՛որոշէ Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առայժմ Չսատարել Որեւէ Քաղաքական Ուժի

Սեպտեմբեր 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

akhalkalak_92316

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը Վրաստանի մէջ 2016-ի աշնան նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ «ամփոփելով «Վրացական երազանք» քաղաքական խմբակին կողմէ ջաւախահայութեան մօտ իրականացուած աշխատանքները, ծրագիրներն ու տարաբնոյթ այլ դրսեւորումները», կը յայտարարէ. «Հակառակ «Վրացական երազանք»-ի ղեկավարներու նախընտրական ու հետագայ հաւաստումներուն եւ գոյութիւն ունեցող նախադրեալներուն, անցած չորս տարիներուն պետութեան կողմէ որոշակի ծրագիրներ իրականացուած են միայն ընկերային-տնտեսական, ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ: Այսուհանդերձ, ջաւախահայութիւնը հետաքրքրող հիմնական խնդիրներու, այսինքն` ազգային-քաղաքական, կրթական եւ հոգեւոր-մշակութային հարցերու լուծման մասին չեն նկատուած դրական տեղաշարժեր: Աւելի՛ն, նշեալ զգայուն մարզերուն մէջ բազմաթիւ հիմնահարցեր խորանալով դարձած են նոր մտահոգութիւններու եւ յուզումներու պատճառ: Օրինակ, հաշուետու շրջանին մէջ արգիլուեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչ այդ ներածուող այբբենարանները, մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան դասագիրքերը, եւ Ջաւախքի բոլոր շրջաններուն հայ աշակերտները արդէն երրորդ ուսումնական տարին է, որ զրկուած են նոյնիսկ այդ դասագիրքերէն: Աւելցնենք, որ ջաւախահայութեան կրթական կեանքի պատմութեան մէջ ասիկա աննախադէպ երեւոյթ էր:

«Ջաւախահայութեան համար անհասկնալի երեւոյթներու շարքին էր նաեւ իշխող «Վրացական երազանք» դաշինքին կողմէ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախք նահանգին մէջ գործադրած քատրային քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով տեղւոյն ազգաբնակչութեան այդ մասով եւս ընկալելի չեղան 2012 թուականով սկզբնաւորուած փոփոխութիւնները»:

Եզրակացնելէ ետք, թէ անցեալ քառամեակը հանդիսացաւ «սպասումներով, շատ պարագաներու` յուսախաբութիւններով եւ հակասական ապրումներով լեցուն շրջան մը», խորհուրդը կը յայտարարէ, որ առայժմ ոչ մէկ հիմք ունի սատարելու Վրաստանի խորհրդարան մուտք գործելու դիմում ներկայացուցած քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկուն: «Խորհուրդը միաժամանակ կը յայտարարէ, որ պատրաստակամ է հանդիպումներ եւ ջաւախահայութեան հետաքրքրող բազմապիսի եւ բազմոլորտ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ քննարկումներ կազմակերպելու բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ, լսելու վերջիններուս մօտեցումները նշեալ հիմնահարցերուն նկատմամբ, որոնց արդիւնքով ալ խորհուրդը յառաջիկային հանդէս պիտի գայ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերուն նկատմամբ յստակ դիրքորոշումներ արտայայտող նոր յայտարարութեամբ»:

 

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեան Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Սիւնեցիներու

Յաջորդը

Մոսկուան, Ուաշինկթընն Ու Փարիզը Պատրաստ Են Հիւրընկալելու Սարգսեան-Ալիեւ Կամ Նալբանդեան-Մամետեարով Յաջորդ Հանդիպումը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?