Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ` ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄՈՎ

September 30, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը կ՛ուղղէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն

Երէկ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2011-ը 2011-2012 տարեշրջանի վերամուտն էր Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն մէջ: Առաւօտեան բոլոր Ազգային վարժարաններու աշակերտները ստացան հաղորդութիւն եւ բոլոր վարժարաններուն մէջ կարդացուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի` վերամուտի առիթով եղած խօսքը:

Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճները: Սրբազանին կ՛ընկերանային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Փանոսեան եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անդոյեան:

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ վերամուտի առիթով աշակերտներուն իր խօսքը ուղղեց վարժարանի նոր նշանակուած տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան վերամուտը կապեց Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին եւ հաստատեց, որ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան արժէքները` ազգային դրօշը, եռագոյնը զինանշանը եւ քայլերգը հայ մանուկները իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ պահելով 70 տարի փայփայած են, եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք վերջին 20 տարիներուն այդ արժէքները վերստին կենսագործուած են: Այս առիթով վարժարանի տանիքին վրայ Լիբանանի դրօշակին կողքին զետեղուեցաւ Հայաստանի դրօշակը եւ աշակերտները երգեցին «Մեր հայրենիք»ը: Զոհրապ Ղազարեան ուսուցչակազմին եւ տնօրէնութեան անունով բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն` յատկապէս 9-րդ եւ 12-րդ դասարաններուն` մաղթելով, որ այդ դասարաններու աշակերտները պետական քննութիւններուն անցնող տարիներուն նման փայլուն արդիւնքներ արձանագրեն:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամը ուղղելով աշակերտներուն նկատել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութեամբ հայ ժողովուրդը կ՛ուրախանայ եւ այդ իրականութիւնը գնահատողը հայն է, որ կը դաստիարակուի հայկական վարժարանին մէջ: «Երբ հայօրէն դաստիարակուած սերունդ կայ, հայկական որեւէ կարեւոր իրականութիւն այն ատեն արժէք կ՛ունենայ», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան:

Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին: Ան դարձեալ հաստատեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի տարեդարձը միայն հայերը կը նշեն: «Դուք պահողը պիտի ըլլաք մեր ժողովուրդի պատմութեան արժէքներուն եւ մեր ժողովուրդը ձեզմով պիտի ապրի», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ վերամուտը սկսաւ քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքով: Ան բարի վերամուտ մաղթեց աշակերտներուն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ նախորդ կրթական տարեշրջանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ մը:

Այուհետեւ խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային իշխանութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին համար մեծ կարեւորութիւն ունի հայ աշակերտներու հայկական դպրոց վերադարձը: «Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը հայկական գիտակցութեամբ աշակերտ պատրաստելու պատմութիւն ունի, եւ դուք ձեր հայկականութեամբ պէտք է մեծնաք ու կազմաւորուիք», շեշտեց սրբազանը` խօսքը ուղղելով աշակերտներուն: Ան նաեւ անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին նկատել տուաւ, որ «մեր հայրենիքին համար կարեւոր իրականութիւն մը հայը կրնայ գիտնալ, եւ մենք հպարտ եւ ուրախ ենք ու կը մաղթենք Հայաստանի բարգաւաճում` երկար տարիներ շարունակ»:

Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին ակնարկելով` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ ան մեծագոյն հայն է, որ հայ ժողովուրդին լեզու, գրականութիւն եւ մշակոյթ տալով անոր տուաւ յաւերժ ապրելու միջոց: «Դուք էք, որ կ՛ապրեցնէք Մեսրոպ Մաշտոցը», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով որ միայն հայ ազգը կը գնահատէ եւ կ՛արժեւորէ Մեսրոպ Մաշտոցը: «Ազգային վարժարանները ազգային արժէքներուն գիտակից սերունդ կը պատրաստեն, որպէսզի այդ արժէքները պաշտպանեն եւ պահպանեն», շեշտեց սրբազանը: Ան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ կոչ ուղղեց ուրախ ու հպարտ ըլլալու` հայկական վարժարանին մէջ իրենց գտնուելուն համար:

«Յառաջիկայ տասնամեակներուն ձեր կարգն է տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին, արժէքներուն, հոգիին, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Նախորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ՎԵՐԱՄՈՒՏ` ԱՌԱՆՑ ԶԱՆԳԻ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.